image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճան դարձեալ հրթիռակոծեց Ստեփանակերտն ու Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին

Ատրպէյճան  դարձեալ   հրթիռակոծեց  Ստեփանակերտն ու Շուշիի  Ղազանչեցոց  եկեղեցին

Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը դարձեալ կը թիրախաւորեն Արցախի մայրաքաղաք՝ Ստեփանակերտն ու Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին: «Արմէնբրէս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին, Արցախի Հանրային ռատիոյի տնօրէն՝ Անի Մինասեան նշեց, որ մայրաքաղաքի օդային տագնապի ազդանշանը այսօր առտուընէ չէ լռած:

 

«Այսօր առտուընէ իրար ետեւէ հարուածներ կը հասցնեն: Տագնապի ազդանշանի ձայնը չի լռեր: Քիչ առաջ նորէն հարուածեցին»,- ըսաւ Մինասեան:

 

Արցախի նախագահի Արտաքին հարցերով խորհրդական՝ Դաւիթ Պապայեան նշեց, որ առաւօտեան հարուածներէն ետք, հիմա դարձեալ թիրախաւորած են նաեւ Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին:

 

«Նորէն թիրախաւորած են Ղազանչեցոցը: Այս ուղղակի իրենց ոճն է, որովհետեւ ասիկա ցեղասպան քաղաքականութիւն է եւ մշակութային ցեղասպանութիւն է, որովհետեւ թիրախաւորել եկեղեցին, ոչ այլ ինչ է, քան հայոց արժեհամակարգը թիրախաւորել»,- նշեց Պապայեան: