image

Աթէշեան Սրբազան՝ հրաժարած Երեւան գալէ

Աթէշեան Սրբազան՝ հրաժարած Երեւան գալէ

Պոլսոյ Պատրիարքական ընդհանուր  տեղապահ Արամ  Արք. Աթէշեան  հրաժարած է Երեւան  գալէ: Այս մասին տեղեկութիւնը  տրուած է Պոլսոյ «Ժամանակ»  օրաթերթը:  Թերթը նաեւ կը փոխանցէ, որ Արամ Սրբազան  այս առաւօտ   Մոսկուայէն վերադարձած է  Պոլիս: Ըստ «Արեւելք»ի  Պոլսոյ աղբիւրներուն,  Արամ Սրբազան ջնջած է իր Երեւան այցելութիւնը՝ խուսափելու համար յաւելեալ լարուածութիւնէ: Նշենք, որ Երեւանի  մէջ կը    պատրաստուէին   Արամ Սրբազանը  ցոյցերով  դիմաւորել՝  առ ի բողոք  վերջինիս Պունտէսթակի հայանպաստ որոշումին առթիւ Էրտողանի գրած անտեղի նամակին: