25 յունուարին, Ասթանայի մէջ աւարտեցան Սուրիոյ հարցով երկօրեայ բանակցութիւնները։ Իրան, Ռուսիա եւ Թուրքիա յայտարարեցին, թէ իրենք Սուրիոյ մէջ երեք շաբաթ առաջ հաստատուած զինադադարը պահպանելու ջանքերը պիտի շարունակեն՝ առաջքը առնելով որեւէ հրահրումի։ Դարձեալ շեշտուեցաւ, որ Սուրիոյ տագնապը ռազմական լուծում չի կրնար ունենալ։
Բանակցութեան մասնակցեցան Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան պատուիրակութիւնները: Երկու անջատ սենեակներու մէջ գտնուող պատուիրակութիւնները բանակցեցան միջնորդի ճամբով: Միջնորդութեան դերակատարութիւնը վստահուած էր Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրային եւ ռուսական ու թրքական պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներուն։
Սուրիոյ պատուիրակութեան ղեկավար Պաշշար Ճաաֆարի շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար անհրաժեշտ է փակել Թուրքիոյ հետ սահմանը, աւելցնելով, որ Ասթանայի ժողովը արդիւնքն է շարք մը կողմերու եւ մասնաւորաբար Ռուսիոյ ու Իրանի ջանքերուն:
Սուրիական զինեալ խմբաւորումներու պատուիրակութեան ղեկավար Մուհամմատ Ալլուշ յայտնեց, որ մարտական գործողութիւնները պէտք է դադրին ամբողջ Սուրիոյ տարածքին, մարդասիրական օժանդակութիւններ մատակարարուին, ինչպէս նաեւ պէտք է յառաջ ընթանալ դէպի իշխանութեան քաղաքական փոխանցում. կը գրէ «BBC»:
Ռուսիոյ պատուիրակութեան ղեկավար Ալեքսանտր Լաւրենթեւ շեշտը դրաւ Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան պաշտպանութեան վրայ՝ յոյս յայտնելով, որ կը ստեղծուի Ժընեւի բանակցութիւնները վերսկսելու բարենպաստ մթնոլորտ մը:
Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ճապիրի Անսարի իր կարգին յայտնեց, որ սուրիական հակամարտութիւնը լուծելու շուրջ Թեհրանի, Մոսկուայի եւ Անգարայի ռազմավարութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ արդիւնքի մը հասնիլը:
Իսկ Ղազախստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճորճ Քրոլ յայտնեց, թէ իր երկիրը կառչած կը մնայ սուրիական տագնապի քաղաքական այն լուծումին, որ առաւելագոյն չափով սուրիացիներ կը ներգրաւէ՝ նշելով. «Յառաջիկայ ամիս Ժընեւի մէջ միջսուրիական հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ»: