Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հաստատած է՝ Սուրիոյ վերակառուցման առաջնահերթութիւնը ռուսական ընկերութիւններուն տալու պատրաստակամութիւնը, եթէ վերջինս հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ: Այս մասին ըստ «Russia Today» կայքին, ըսած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Խորհուրդի անդամ Անտրէյ Թորչաքը:
Թորչաք նաեւ նշած է, որ Ասատ Սուրիոյ ենթակառուցուածքները վերակառուցելու գումարը գնահատած է մօտ 400 միլիառ տոլար, շեշտելով, որ վերակառուցման գործընթացը կրնայ տեւել 10-15 տարի: