Յունական «Kathimerini» թերթին տուած հարցազրոյցի ժամանակ Ասատ անդրադարձած է Թրամբի կողմէ կտարուած «անասուն Ասատը» թուիթըրեան գրառումներուն, նշելով, որ Թրամբ ամենայն թափանցիկութեամբ ինքզինք կը ներկայացնէ:
Ասատ մասնաւորապէս կարծիք յայտնելով ըսած է. «Երբ նման, այսինքն՝ երկրի մը նախագահի պաշտօնը կը զբաղեցնես, նախ եւ առաջ պէտք է քու ժողովուրդիդ բարոյականութեան մակարդակը ներկայացնես, նախքան քու սեփական բարոյականդ ներկայացնելէ, որովհետեւ դուն քու երկիրդ կը ներկայացնես: Այստեղ հարց կ'առաջանայ, թէ արդեօք այս լեզո՞ւն է ամերիկեան մշակոյթը ներկայացնողը: Այս շատ վատ երեւոյթ է, ես չեմ կարծեր, որ սա է զիրենք ներկայացնող լեզուն, եւ չեմ կարծեր, որ աշխարհի մէջ կայ հասարակութիւն մը, որ նման լեզուով կը խօսի»:
Ասատ շեշտած է, որ ինք հարցին կը վերաբերի որպէս երկրի նախագահ, եւ իր հիմնական գերխնդիրը իր երկրին վերաբերող հարցերը լուծելն է, ինչպիսիք են պատերազմը, ահաբեկիչները, ապրուած իրավիճակը, եւ այլն: