Արցախի Հանրապետութեան 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուած է «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Թովմասեանը։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնբրէս»-ը, նախ «Արդարութիւն» խմբակցութիւնը առաջարկած է «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութեան պատգամաւոր Վահրամ Բալայեանի թեկնածութիւնը, սակայն Բալայեանը ինքնաբացարկ ներկայացուցած է՝ նշելով, որ ճիշդ կ'ըլլայ Ազգային ժողովի նախագահը ըլլայ խորհրդարանական մեծամասնութենէն։ Ան առաջարկած է «Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Թովմասեանի թեկնածութիւնը։ Այնուհետեւ տեղի ունեցած է փակ գաղտնի քուէարկութիւն։
Աւելի ուշ՝ ժամը 18:00-ին, Շուշիի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ Արայիկ Յարութիւնեանի՝ ԱՀ նախագահի պաշտօնի ստանձնման նուիրուած Ազգային ժողովի յատուկ նիստը, որուն պիտի մասնակցի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։