image
Հրատապ լուրեր:

Արդեօ՞ք Իսրայէլ կը պատրաստուի հարուածել Լիբանանը

Արդեօ՞ք  Իսրայէլ  կը  պատրաստուի    հարուածել Լիբանանը

Իսրայէլի   պաշտպանութեան   նախարարը   նոր սպառնալիքներ տեղացուցած է Լիբանանի  գլխուն:  Նախարար Մոշէ Եահալոն  արդիական զէնքերու  ֆորոմի մը բացման ընթացքին ըսած է, թէ իրենց համար  մասնաւորապէս  այս հանգրուանին Իրանէն Հըզպալլային    ուղղարկուելիք  զէնքերու  ճանապարհի  փակումը  դարձած է առաջնային խնդիր: Եահալոն նաեւ դրուատիքով  խօսած է  «Մոսատ»ի  իրականացուցած  գործողութեանց մասին,  որոնց արդիւնքով  Հըզպալլայի բարձրաստիճան  ղեկավարներ   սպաննուեցան:  Այդ դէպքերը  կատարուեցան Սուրիոյ մէջ   եւ անոնց վերջինը Հըզպալլայի ղեկավարներէն Մուսթաֆա Պատըր Ալ Տինի     թաքուն պայմաններու տակ եղած  սպաննութիւնն էր: Արաբ-իսրայէլական՝  արդէն 65      տարուան    հակամարտութեան  մէջ Հըզպալլա յաջողեցաւ   պատերազմի նոր  կանոններ պարտադրել:   Այդ կանոններուն ամէնէն կարեւորը   Հըզպալլայի ղեկավարութեան  խօսքին իրաւացիութիւնն էր:  Ինչ կը  վերաբերի Լիբանանին,   առաջին  անգամը չէ, որ Իսրայէլ   կրնայ նախայարձակ պատերազմի դիմել, այդպիսով խառնելով  բոլոր խաղաքարտերը  եւ   փորձել ստեղծելով  նոր լարուածութիւն ամբողջ  շրջանին մէջ:   Սուրիոյ  տագնապին  մէջ մխրճուած  Հըզպալլային համար   այս հանգրուանին  բաւական  ծանր  դրութիւն կրնայ ստեղծուիլ, եթէ Իսրայէլ բանայ Լիբանանի հետ  իր ունեցած ճակատը:  Այլ խօսք, թէ որ կողմի զինուորները ինչ   խիզախութեամբ կրնան  կռուիլ եւ մինչեւ ո՞ւր կրնայ    հասնիլ  անոնց կռուելու ոգին: Մէկ բան  յստակ է, որ Իսրայէլի այսօրուան  սպառնալիքները  առաջուան   ուժականութիւնը  չունին,   պարզ անոր համար,  որ   ոչ միայն պայմանները փոխուած են,  այլ  Իսրայէլ պետութեան դէմ  կռուող  Հըզպալլան գաղափարական-կրօնական   դրուածքէն բացի  ունի   մի քանի  պատերազմներու մասնակցած ըլլալու  կարեւոր կենսափորձ: Արաբական  հանրութեան   ընդհանուր կեցուածքի  նօսրացումին հետ Իսրայէլ  այսօր   եւս կրնայ նոր արկածախնդրութեան մը դիմել ու այս  զարգացումներուն առջեւ  մեծագոյն տուժողը    պիտի ըլլայ Լիբանանը եւ ոչ՝ Հըզպալլան: