image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի ՊՆ-էն հերքում. Այս պահուն հրադադարի մասին խօսք չկայ

Արցախի  ՊՆ-էն  հերքում. Այս  պահուն հրադադարի  մասին խօսք չկայ

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հերքէ 8 հոկտեմբերի ժամը 18:00-ին հրադադարի հաստատման մասին լրատուամիջոցներու տարածած ապատեղեկատուութիւնը:

«Հայկական եւ օտար երկրեայ զանգուածային լրատուամիջոցներով տարածուող տեղեկատուութիւնը առ այն, որ կողմերու միջեւ ձեռք բերուած է յստակ պայմանաւորուածութիւն 8 հոկտեմբերին կրակի դադրեցման վերաբերեալ, իրականութեան չի համապատասխաներ»,- Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն: