image
Հրատապ լուրեր:

«Ապահովական ցանկացած դէպք խոր հետք կը ձգէ Հալէպին վրայ.Հալէպը տակաւին վիրաւոր քաղաք է» Յակոբ Նալպանտ

«Ապահովական  ցանկացած  դէպք  խոր հետք կը ձգէ Հալէպին վրայ.Հալէպը տակաւին վիրաւոր քաղաք է» Յակոբ Նալպանտ

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ  հալէպահայ հրապարակախօս Յակոբ Նալպանտ (Տլտլեան):

 

-Ի՞նչ կ'ակնկալէք՝ արդեօ՞ք Իտլիպի մէջ կայացած հրադադարը պիտի յաջողի՞, ի՞նչ են ձեր  կանխատեսումը։


Իմ  կարծիքով Իտլիպի մէջ հրադադարը պիտի  չյաջողի։ Թուրքիան պարզապէս կ'ուզէ ժամանակ շահիլ, որ իր հրամանին տակ եղող ահաբեկչական խումբերը դարձեալ վերազինէ:  Սուրիական բանակը այս անգամ չեմ կարծեր, որ երկար սպասել կու տայ եւ իսլամներու «Ալ Ատհա»  տօնէն  վերջ, այսինքն  15 օր ետք,Սուրիա եւ ռուսական ուժերը շատ աւելի ուժգին  ձեւով պիտի յարձակին ահաբեկիչներու  դիրքերուն  ուղղութեամբ։

 

-Գիտենք, որ անցեալ շաբաթներուն Հալէպ ծանր օրեր ապրեցաւ, այն իմաստով, որ քաղաքային զոհեր արձանագրուեցան եւ քաղաքին մէջ առհասարակ վախի եւ մտահոգութեան ալիք մը բարձրացաւ: Ի՞նչ է այսօրուան իրավիճակը, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այն:


Քանի դեռ կը շարունակուին զինուորական գործողութիւնները Իտլիպի եւ Համայի շրջակայքը, այդ կը նշանակէ, որ Հալէպ դարձեալ  կրնայ  ենթարկուիլ այսպիսի արիւնալի ահաբեկչական ռմբակոծումներու: Հալէպը  վիրաւոր քաղաք է եւ ամէն մէկ զոհ եւ ռումբ շատ ծանր հոգեկան անդրադարձ կը ձգէ Հալէպի քաջ ժողովուրդին վրայ: Բայց անոնք չեն յուսահատիր եւ յոյսով լի աչքերով կը սպասեն, ահաբեկչութեան աւարտը:

 

 

-Իտլիպի կողքին ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք Սուրիոյ տագնապի քաղաքական ընդհանուր լուծման հեռանկարները: Արդեօք Իտլիպէն ետք հեշտ պիտի ըլլա՞յ հարցը քաղաքական հարթակի վրայ լուծել:


Իտլիպի խաղաքարտը ուժեղ խաղաքարտ է ԱՄՆ-ի ձեռքը եւ ան չուզեր առանց փոխարէնը բան մը ստանալու, զիջիլ այս ուժեղ ազդակէն: Կը կարծեմ, որ քաղաքական լուծումներու ժամանակը դեռ չէ հասած,  եւ ատոր  կը հասնինք միայն Իտլիպէն ետք։ Երբ Իտլիպը  ամբողջապէս կ'ազատագրուի, որու ամենամեծ վնասողը Թուքիան պիտի ըլլայ, այդ ժամանակ միայն կարելի է խօսիլ սահմանադական յանձնաժողովի եւ քաղաքական լուծման ուղղութիւններու մասին:

 

-Ի՞նչ կը խորհիք  Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մասին, ուր քրտական զօրամիաւորումներ կարեւոր ներկայութիւն են եւ անոնք տարբեր առումներով ալ ձեւով մը ինքնավարութիւն հաստատելու փորձեր կը կատարեն:


Սուրիոյ հիւսիսային եւ Եփրատի աջ կողմը գտնուող տարածքներուն վրայ իշխող այսպէս կոչուած՝ «Սուրիոյ  Ժողովրդավարական ուժեր»ը, այսինքն ՝  YPG-ին կամ քրտական անջատողական ուժերը պէտք է, որ շատ լրջօրէն մտածեն իրենց եւ այդ շրջանի մէջ գտնուող քիւրտ, արաբ,  ասորի եւ հայ  բնակչութեան մասին: Անոնք Աֆրինի դէպքերէն պէտք է խոր դասեր քաղեն, թէ ինչպէ՞ս Աֆրինի քիւրտերը իրենց սխալ քայլերու պատճառով ենթարկուեցան ջարդի, տեղահանման եւ գաղթի եւ Աֆրինի մէջ տեղի ունեցաւ եւ դեռ  ալ  կ'ունեանայ  տեմոկրաֆիք նոր քարտէզի ձեւաորում: Նոյն դէպքերը պէտք է որ չկրկնուին Հասաքէի, Գամիշլիի եւ տարբեր շրջաններու մէջ: Ստացուող լուրերու համաձայն, արդէն քիւրտերը վախնալով թրքական լուրջ սպառնալիքներէն,  համաձայնած է Ամերիկայի հետ փորած են  գետնուղիներ , որոնց  միացումով  անոնք  կապ    պիտի ստեղծեն սուրիական պետական ուժերու հետ եւ տարածքը սուրիական պետական ուժերուն։ Այդպիսով անոնք   երկիրը կը փրկեն բաժանումի վտանգէն եւ այդ շրջանի ժողովուրդը կը փրկուի  մեծ արհաւիրքներէ  ու  գաղթէ, որուն մէջ դժբախտաբար կրնան յայտնուին  Հասաքէի  եւ Գամիշլիի մեր հայրենակիցները եւս։

 

Լուսանկարին մէջ  հալէպահայ  գործիչ Յակոբ Նալպանտն ու     երկար  տարիներու վաստակ ունեցող հալէպահայ դերձակ՝  Ազատ  Նալպանտեան։