ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը 31 յունուարին արտահերթ նիստ հրաւիրած է Իրանի կողմէ միջին հեռահարութեան պալիսթիկ հրթիռներու փորձարկումներու առնչութեամբ, կը գրէ almayadeen.net-ը, նշելով որ ԱՄՆ շտապ խորհրդակցական նիստի դիմում ըրած էր Իրանի խախտումի մասին ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի մշտական ներկայացուցիչ Տանի Տանոնի կողմէ եղած կոչէն ետք: Տանոնը, Իրանի կողմէ Սեմնան քաղաքի մօտակայքը հրթիռներու արձակումը ՄԱԿ-ի բանաձեւերու խախտում նկատած էր: «Միջազգային համայնքը պէտք չէ գլուխը աւազի մէջ թաղէ իրանեան այս յարձակումներու դիմաց։ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները անմիջապէս պետք է գործողութիւններ ձեռնարկեն ի պատասխան Իրանի պահուածքի, որ վտանգի կ'ենթարկէ ոչ միայն Իսրայէլը, այլեւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը»,- նշած է Տանոն։
Սպիտակ Տունը իր հերթին յայտարարծ է, որ ինք տեղեակ է Իրանի կատարած հրթիռներու փորձարկումներու մասին եւ այժմ կը սերտէ անոնց տեսակը:
Նշենք, որ ՄԱԿ-ի արտահերթ նիստը սկզբ պիտի առնէ այսօր, Սուրիոյ հարցով ժողովի աւարտէն անմիջապէս ետք: