image

Անթիլիասի Տպարանէն Պահեցողութեան Մասին Հատոր Մը Լոյս Տեսաւ

Անթիլիասի Տպարանէն     Պահեցողութեան Մասին   Հատոր Մը Լոյս Տեսաւ

Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան կայքէջէն վերահասու կը դառնանք, թէ    Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը օժտած է  նոր Բաժանմունքով մը, որ կոչուեցաւ «Կրօնական եւ Դաստիարակչական Հրատարակութիւններու Բաժանմունք»:Վեհափառ Հօր պատուէրով, Բաժանմունքը պիտի հրատարակէ գրքոյկներ, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս քրիստոնէական հաւատքի ու գիտելիքներու առաւել ամրապնդումը, եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հոգեւոր ծարաւի յագեցումը: Կը հաղորդուի նաեւ, որ բաժանմունքը հրատարակած է իր առաջին գրքոյկը` «Ի՞նչ Կ'ըսեն Սուրբ Հայրերը Պահեցողութեան Մասին»: Սոյն գրքոյկը իր մէջ կ'ամփոփէ եկեղեցւոյ հայրերէն խօսքեր եւ կարճ խորհրդածութիւններ` նուիրուած պահեցողութեան: