Անգարայի մէջ անցեալ տարուան դեկտեմբերին ռուս դեսպանի սպանութեան դէպքին առնչութեամբ Թուրքիոյ իրաւասու մարմինները յայտարարած են, որ նախաքննութիւններու ծիրին մէջ ձերբակալուած է այն ցուցահանդէսի կազմակերպիչը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ սպանութեան դէպքը: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատուական գործակալութւիւնը:
Դատարանի որոշմամբ ձերբակալուած ցուցահանդէսի կազմակերպիչին ձերբակալման պատճառներուն մասին որեւէ մանրամասներ չեն հրապարակուած: