Թուրքիան մերժած է իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ ծրագրիը՝ այն անուանելով «կցումի ծրագիր, որու նպատակն է երկու պետութիւն ստեղծելու որոշման ոչնչացումը եւ պաղեստինեան հողերու բռնագրաւումը»։
Թուրքիոյ ԱԳՆ-ը նաեւ քննադատած է Երուսաղէմը Իսրայէլի անբաժանելի մաս համարելու ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի յայտարարութիւնը։ «Երուսաղէմը մեր կարմիր գիծն է»,- նշուած է հաստատութեան յայտարարութեան մէջ:
«Միացեալ Նահանգներու, այսպէս կոչուած, «խաղաղ ծրագիրը» մեռելածին է։ Պաղեստինեան ժողովուրդն ու անոր հողերը կարելի չէ գնել փողով։ Մենք չենք աջակցիր որեւէ ծրագրի, որ կը մերժուի Պաղեստինի կողմէ։ Առանց բռնագրաւման դադարեցման խաղաղութիւնը չի կրնար գալ Մերձաւոր Արեւելք։
Ինչպէս նշած է AP-ը, Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանութեան եւ հիւպատոսութեան առջեւ բողոքի ցոյցեր կ'իրականացուին։