(ԶՕՐ. ԱՆԴՐԱՆԻԿԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 88-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)
31 Օգոստոս 1927-ին, ԱՄՆ-ի Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ աչքերը յաւիտենապէս կը փակէր ոչ սովորական անհատականութիւն մը: Առ երեւոյթ, խաղաղութեամբ կը ննջէր այնպիսի հերոս մը, որուն փոթորկայոյզ կեանքը անքակտելիօրէն միահիւսուած էր իր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան հետ:
Հաւաքականութիւններ առանց հերոսներու չեն կրնար ապրիլ.եթէ չունին իսկª կը ստեղծեն գոնէ արհեստականօրէն: Ժողովուրդներու համար հերոսները անհրաժեշտութիւններ են` ոչ միայն անոնցմէ ոգեշնչուելու համար, այլ` սերունդներ թրծելու եւ կոփելու ի խնդիր: Հերոսները արտաժամանակային տիպարներ են` բերնէ բերան դառնալու համար խորհրդանիշներ եւ դաստիարակութեան վա՛ռ օրինակներ: Սասունցի Դաւիթէն մինչեւ Առիւծ Մհեր ու շղթայակիր Արտաւազդ, Վարդան Մամիկոնեանէն մինչեւ Սամուէլ ու Դաւիթ Բէկ հայ սերունդներու միտքին մէջ դրոշմուած են ոչ թէ իրենց իսկական եւ առարկայական յատկանիշներով, այլ` առասպելատիպ հերոսականութեամբ եւ ներշնչման առաքելութեամբ:
Զօրավար Անդրանիկ մերօրեայ հերոսն է: Իր կենդանութեան իսկ ժողովրդային հերոսի յարգանք ու պատիւ վայելած. իր անունով եւ արարքներով իսկ առասպել դարձած յաչս իր ժողովուրդին, իսկ սարսափազդու վրիժառու` թշնամիներուն դիմաց: Հայ ազատագրական պայքարի գրեթէ բոլոր թէժ կէտերուն վրայ յայտնուած, հայ յեղափոխական շարժման համարեա բոլոր ֆետայիներուն հետ մարտնչած, հակա-թրքական կռիւներուն գրեթէ ամէն ճակատներուն փութացած Զօրավար Անդրանիկ իր մարտական կենսապատումով անմահութեան դափնեպսակը նուաճեց ոչ թէ երգի ու բանահիւսութեան համար լոկ, այլ` ընդմիշտ որպէս արծիւ սաւառնելու Հայաստանի երկնահուպ լեռներուն եւ անամպ երկինքին միջով: Արդարեւ, Սասնոյ Արծիւը հոն է` ուր որ հայու սիրտը կը տրոփէ. անոր թեւածող թռիչքը հոն է` ուր որ հայու ոգին կը բաբախէ:
Այսօր, մայրաքաղաք Երեւանի տարբեր վայրերու մէջ կան ձիու վրայ նստած հինգ տպաւորիչ արձաններ.- Սասունցի Դաւիթ, Հայկ Բժշկեան (Գայ), Վարդան Մամիկոնեան, մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեան եւ Զօրավար Անդրանիկ: Միայն Անդրանիկին վերապահուած է միաժամանակ երկու երիվարներ աշտանակելու գերմարդկային ուժն ու կարողութիւնը` որպէս ազգին երկու հատուածներուն սէրն ու վստահութիւնը վաստկած եզակի անձնաւորութիւն: Այս բացառիկ պատիւին ան արժանացաւ ոչ թէ պարտադրելով կամ մարդկանց համոզելով, այլ` ժողովուրդին բոլոր խաւերուն ինքնաբուխ ու անշպար արտայայտութեամբ, անկեղծ եւ անշահախնդիր զգացումներով:
Ան ռազմական բնատուր ձիրք ու շնորհք ունեցող լիտըր էր. մարտընկերներու կողմէ անվերապահօրէն ընդունուած առաջնորդ: Հայաստանի ամէն անկիւնն ու շրջանը իւրացուցած տեսանող աչքը եւ հակառակորդը դիպուկ կերպով պատժելու հնարամիտ մարտավարը: Զէնքի, քաջութեան եւ խիզախութեան համար էր ծնած Անդրանիկ, որուն համար ալ սաստող ու խիստ էր ՙօձերու պէս իրենց բոյնը սողացող՚ քիւրտ եւ թուրք խաժամուժին համար:
Քաղաքական հոտառութիւնն ու թշնամին ճանչնալու բնազդը զինք մղեցին որդեգրելու այնպիսի անշեղ ճանապարհ մը` որ կը բնորոշուի հետեւողականօրէն հակա-թրքական: Ոսոխին խոստումներն ու մեղրածորան կարգախօսները չսայթաքեցուցին զինք (ինչպէս շատերու). սուտ կենացներ եւ լոզունգներ չգայթակղեցուցին զինք բնաւ. ան եղաւ յստակ եւ վճռական իր դիրքորոշումներուն եւ գործողութեանց մէջ: Կեանքի մինչեւ վերջին րոպէն մնաց այդպիսին: Ուրեմն` Անդրանիկ զգաստութեան եւ սթափութեան հրաւէր էր նաեւ:
Տարօրինակօրէն Անդրանիկի անունը յոյս ու վստահութիւն կը ներշնչէր ժողովուրդին: Ան նմանեցաւ ապաւէնի եւ փրկութեան լաստի: Ինչպիսի՜ հրամանատարներ, գնդապետներ, համեստ զինուորներ ինքնակամ միացան անոր գունդերուն: Կամաւոր կերպով համալրեցին ջոկատները անոր: Աւելին` գաղթականներ, տարագիրներ եւ արմատախիլ եղած բազմութիւններ Անդրանիկի ընդմէջէն կը տեսնէին փրկարար բազուկը, ղեկավարը եւ ռահվիրան: Անոր անունն իսկ հմայք եւ հրապոյր էր յուսաբեկ եւ ուղեկորոյս խլեակներու:
Հետաքրքիր է ընդգծել նաեւ Անդրանիկի այն խստապահանջութիւնն ու կարծրութիւնը, որ կը դրսեւորէր դասալիքներու, ներքին դաւաճաններու, պարտազանց եւ աւազակաբարոյ տարրերու նկատմամբ: Արդարամիտ առաջնորդը անհանդուրժելի կը գտնէր այլասերած եւ շահախնդիր տզրուկներու ներկայութիւնը իր շարքերուն մէջ: Հետեւաբար, Անդրանիկի թուրը շողշողաց հոն` ուր որ պէտք էր:
Անդրանիկ իր մահուան անկողինին մէջ ինչպէ՜ս ափսոսաց իր անցեալին համար. Շապին-Գարահիսարէն Սասուն, Պալքանեան ճակատներէն Մուշ ու Տարօն, Տիլման ու կամաւորական գունդեր, Էրզրում, Վան, Բաղէշ, Վասպուրական, Կարս, Զանգեզուր, Դիլիջան, Արցախ եւ Նախիջեւան հուրի եւ սուրի միջով անցած հերոսը շղթայուած առիւծի նման յաւերժօրէն ննջեց կարօտը սիրտին, արտաբերելով.- Աւա՜ղ, գործս կէս մնաց...:
Ո՛չ. գործը կէս չմնաց, որովհետեւ` իր ոգիով եւ ուղիով կը շարունակուի մեր գոյերթը. սերունդներ գրասեղաններու ետին կը սորվին անոր մասին, ձեւ ու կերպարանք կը ստանան Անդրանիկի շունչով ու շուքով:
Մեր դպրոցական օրերէն չսորվեցա՞նք` իբրեւ արծիւ սաւառնող Անդրանիկ` սուրբ անունդ պիտի յիշուի դարէ դար:
Անտարակոյս, դուն անմահ ես դարեր ապրող Անդրանիկ Փաշա:
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ