image

Անցնող տարուան ընթացքին «Տահէշ»ի իրագործած 5 խոշորագոյն յարձակումները

Անցնող տարուան ընթացքին «Տահէշ»ի իրագործած 5 խոշորագոյն յարձակումները

«Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը 3 հոկտեմբեր 2016 թուականէն մինչեւ 21 սեպտեմբեր 2017 թուականը ինկած ժամանակահատուածին մէջ իր իրագործած ահաբեկչական յարձակումներուն մասին տեղեկագրութիւն հրապարակած է, միաժամանակ կոչ ուղղելով առաւել դաժան ու մահացու յարձակումներ իրագործելու, կը գրէ ամերիկեան «News Week» ամսագիրը:

Ըստ հրապարակուած տեղեկագրութեան, ահաբեկչական խմբաւորումը նշուած ժամանակահատուածին մէջ 60 անդամի միջոցով 19 երկիրներու մէջ 38 ահաբեկչական գործողութիւն իրականացուցած է:

Յարձակումներու համար օգտագործուած են տաբեր մեթոտներ, որոնցմէ են ձեռնառումբերու օգտագործումը (24%),  դանակահարութիւնը (21%), կրակոցները (19%), անձնասպանական գործողութիւնները (18%), ինքնաժարշներով գրոհումը (13%), հրկիզումը (5%):

Տեղեկագրութեան մէջ ահաբեկչական խմբաւորումը անդրադարձած է նաեւ նշուած ժամանակահատուածին մէջ իրագործուած 5 խոշորագոյն յարձակումներուն, որոնք են.

Առաջինը՝ Թուրքիոյ մէջ անցնող Նոր տարուան գիշերը 39 անձի վիրաւորման եւ 70 անձի մահուան պատճառ դարձած յարձակումը:

Երկրորդը՝ 9 մարտին Եգիպտոսի Ղպտի եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յարձակումը, որ 45 կեանք խլեց եւ 126 անձի վիրաւորման պատճառ դարձաւ:

Երրորդը՝ Բրիտանիոյ Մանչեսթեր քաղաքին մէջ «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման անդամի կողմէ ինքզինք պայթեցնելու միջոցով իրականացուած գործողութիւնը, որուն հետեւանքով 22 անձ զոհուեցաւ եւ հարիւրաւոր անձեր վիրաւորուեցան:

Չորրորդը՝ Իրանի Սահմանադրական խորհրդարանին եւ Իրանեան Իսլամական Հանրապետութեան հիմնադիր Այաթուլլահ Ալ Խումայնիի դամբարանին վրայ իրականացուած յարձակումը, որ տասնեակներու մահուան պատճառ դարձաւ:

Հինգերորդը՝ Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած զոյգ յարձակումները, որոնք 16 կեանք խլեցին եւ 150 անձի վիրաւորման պատճառ դարձան: