ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ, գնդապետ Ճէֆֆ Տեւիս յայտարարած է, որ իրենք կ'աջակցին Թուրքիոյ զինուժին կողմէ Սուիրիոյ Ալ-Պապ քաղաքին մէջ իրականացուող գործողութիւններուն, որ ներկայիս կը գտնուի «Իսլամական պետութիւն» (ԻՊ) ահաբեկչական կազմակերպութեան վերահսկողութեան տակ:
«CnnTurk» լրատուամիջոցի համաձայն` Տեւիս շեշտած է, որ Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ Ճերապլուս, Ալ Րաի եւ Տապըք քաղաքներուն մէջ ԻՊ-ի դէմ գործողութիւններու ժամանակ ԱՄՆ աջակցութիւն ցուցաբերած է, յատկապէս օդային եւ ցամաքային յարձակումներուն:
«Տապըքը գրաւելէն ետք թրքական ուժերը շարժեցան դէպի Ալ-Պապ: Մենք պիտի աջակցինք նաեւ ատոր, որպէսզի Ալ-Պապը ետ վերցուի ԻՊ-էն: Մեր զինուորական գործըկներներու եւ թրքական կառավարութեան միջեւ քննարկումները կը շարունակուին»,- նշած է Փենթակոնի խօսնակը:
Փենթակոնի այլ աղբիւր մը, «Anadolu» լրատուական գործակալութեան հաղորդած է, որ ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը կը կատարուի անօդաչու թռչող սարքեր տրամադրելու միջոցաւ եւ հետախուզական տուեալներ հայթայթելով: