image

ԱՄՆ-ի հեռացող վարչակազմի արտաքին քաղաքական վերջին քայլերը անիմաստ են եւ կրնան «կործանել աշխարհը». Զախարովա

ԱՄՆ-ի հեռացող վարչակազմի արտաքին քաղաքական վերջին քայլերը անիմաստ են եւ կրնան «կործանել աշխարհը». Զախարովա

ԱՄՆ-ի հեռացող վարչակազմի արտաքին քաղաքական վերջին քայլերը անիմաստ են եւ կրնան «կործանել աշխարհը»: Այս կարծիքը յայտնած Է ՌԴ ԱԳ նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա ֆէյսպուքեան իր Էջին:

«Ամէն օր նորութիւններ կը կարդամ Ուաշինկթընէն` նոր պատժամիջոցներ Ռուսիոյ նկատմամբ, զենիթահրթիռային համալիրներու մատակարարում սուրիացի մարդասպաններուն, ընդհանրապէս անիմաստ, բայց վնասաբեր գործողութիւններ արտաքին քաղաքականութեան բոլոր ուղղութիւններով: Աստուած աշխարհն ստեղծեց եօթ օրուան մէջ: Օպամայի վարչակազմը երկու օր աւելի ունի այն կործանելու համար»,- նշած Է Զախարովա: