image

Ամիսներ Տեւող Պաշարումէ Ետք «Ալ Քուարէս» Օդակայանը Անցաւ Սուրիոյ Բանակին Տիրապետութեան Տակ

Ամիսներ Տեւող Պաշարումէ Ետք «Ալ Քուարէս» Օդակայանը   Անցաւ Սուրիոյ Բանակին Տիրապետութեան Տակ

 Սուրիա:  Հալէպի արեւելեան հատուածին մէջ  գտնուող  «Ալ Քուարէս»  զինուորական  օդակայանը  ազատագրուած  է Տահէշի ահաբեկիչներու ճիրաններէն: Նշենք,  որ    օդակայանը անցնող  երկու  ամիսներուն պաշարուած կը մնար եւ  հոն    արգելափակուած էին   Սուրիոյ բանակի      զինուորներ: Ըստ «Ալ Մայատին»ի,   օդակայանին մէջ պաշարուած  կը մնային    Սուրիոյ բանակի  1000 զինուորներ, որոնց մէջ նոյնպէս կան   բարձրաստիճան սպաներ:   Ըստ նոյն աղբիւրին,  Սուրիոյ բանակը  իր  յառաջացումը կը շարունակէ    Հալէպի գիւղական Մարեուտան  եւ  Մաքհալա շրջաններուն ուղղութեամբ: Ծանր   մարտեր  տեղի  կ'ունենան  նաեւ  Ղութայի մօտ: