image

Ամերիկեան USS Donald Cook կործանիչը դէպի Թարթո՞ւս

Ամերիկեան USS Donald Cook կործանիչը դէպի  Թարթո՞ւս

ԱՄՆ-ի ռազմածովային ուժերուն պատկանող նաւ երեւցած է Թուրթուսի նաւահագիստէն 100 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, ուր կը գտնուի ռուսական ծովային ռազմակայանը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Hurriyet»ը:

«Sputnik»ի համաձայն, ռուսական ռազմական օդանաւերը նուազագոյն չորս անգամ թռիչք կատարած են ամերիկեան USS Donald Cook կործանիչին վերեւը, միջերկրական ծովուն վրայ:

Ամերիկեան լրատուամոջոցներ Փենթակոնի աղբիւրի համաձայն նշած են, որ USS Donald Cook կործանիչը դուրս եկած էր Կիպրոսի նաւահանգիստէն ուղղուելով դէպի Սուրիա, յայտնելով, որ ան ան օժտուած է «Թումհաք» տիպի 60 թեւաւոր հրթիռներով: