image
Հրատապ լուրեր:

«Ամերիկայի հետ խօսիլ միայն ուժի դիրքերով» Իրանահայ պատգամաւոր Կարէն Խանլարեան

«Ամերիկայի  հետ  խօսիլ միայն ուժի դիրքերով» Իրանահայ  պատգամաւոր Կարէն Խանլարեան

«Միացեալ Նահանգներու հետ պէտք է խօսիլ միայն ուժի դիրքերէն» այսպէս  յայտարարած  է  Իրանի  խորհրդարանի  հայ  պատգամաւոր   Դոկտ.  Կարէն  Խանլարեան։

Խանլարեան, որ  խօսած է իրանեան «Ֆարս» լրատուական գործակալութեան նաեւ ըսած է, որ  ԱՄՆ-ի հետ  ուժի դիրքերէն  խօսելու   մօտեցումը  հիմնաւորուած է այն բանով,  որ  միայն այդպէս կարելի է զսպել այդ երկրի իշխանութիւնները: Պատգամաւորը նաեւ   ըսած է. «Մեր երկրի արտաքին գործոց նախարարին դէմ պատժամիջոցներու սահմանումը կը վկայէ Թրամփի եւ ԱՄՆ-ի իշխանութիւններուն դիւանագիտական տկարութիւնը:

«Եթէ Թրամփ վստահ ըլլար իր դիւանագիտական կարողութիւններուն վրայ, նման մանկամիտ քայլեր չէր առներ: Նոյնիսկ պատերազմող երկիրները իրարու հանդէպ նման պատժամիջոցներ չեն սահմաներ, եւ դիւանագէտներուն համար մշտապէս բաց կը պահեն բանակցելու եւ այցելութիւններու ճանապարհը»:

Խանլարեանի կարծիքով, ԱՄՆ-ն նախապէս յաճախ երկակի չափանիշեր կը կիրառէր, բայց նման քայլով (Զարիֆի դէմ պատժամիջոցներու սահմանումով) ցոյց տուաւ, որ ընդհանրապէս որեւէ չափանիշ չունի:

 

«ԱՄՆ-ի դէմ մենք պէտք է պահպանենք մեր սկզբունքային դիրքորոշումը: Միայն ուժի դիրքերէն պէտք է խօսիլ ԱՄՆ-ի հետ, քանի որ փորձը ցոյց տուած է, որ միայն այդպէս կարելի է զսպել այդ երկիրը», եզրակացուցած է Կարէն Խանլարեան:

 

Նիւթը՝  «Ալիք» օրաթերթէն