Ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» կայանին հետ հարցազրոյցի ժամանակ, ամերիկացի զինուոր Տելարտ Ճոնսոն բացայայտեց, թէ ան Իրաքի մէջ իր ծառայութեան ժամանակ՝ (2005-2010) սպաննած է աւելի քան 2746 իրաքցի:
Զինուորը նշեց, թէ իր 5 տարուայ ծառայութեան ընթացքին, օր չէր անցներ, որ ինք կ'ըսպաննէր առանց սպաննելու նուազագոյնը 2 իրաքցի: Իր առաջին մեծ ռազմական գոծողութիւնը եղաւ երբ ան սպաննեց 13 իրաքցի նոյն ժամանակ:
Երբ լրագրողը հարցուցած է զինուորին, թէ ինչ զգացած է այդքան մեծաթիւ իրաքցիները սպաննելէն ետք, զինուորը պատասխանած է «Շատ աւելի հաճելի էր, քան երբ 13 տարեկանիս եղնիկ կ’որսայի եւ կը սատկեցնէի»: