Ազրպէյճանի նախագահը պարգեւատրած է հայ զինծառայողը գլխատած զինուորը: Այս մասին տեղեկութիւնը տարածուած է ընկերային ցանցերու վրայ: Նշենք, որ հայկական պաշտպանական բանակի զինծառայող Քյարամ Սլոյեան գլխատուած էր ազրպէճանեան բանակի զինուորի մը կողմէ: Ազրպէյճանեան կողմի մօտեցումները կը հակասեն միջազգային ռազմական հիմնական համաձայնութիւններուն ամէնահիմնական կէտերը եւ այս առաջին անգամը չէ, որ հակառակորդը նման վարքով հանդէս կու գայ: