Երեւանի մէջ, 1 օգոստոսին, զարհուրելի սպանութիւն տեղի ունեցած է. Տաւուշի մարզի բնակիչ, 58-ամեայ Վահրամ Մ.-ն է, որ Նոր Արեշ 11 փողոցի տուներէն մէկուն մէջ դանակով գլխատած է քրոջը՝ 68-ամեայ Մելանեա Մ.-ն:
Ոստիկանութեան Էրեբունիի բաժնին առջեւ, ծառայութեան մեկնող տեղի ոստիկանները, փողոցը նկատած են տղամարդ մը, որուն ձեռքը տոպրակ եղած է:
Shamshyan.com-ի հաղորդումով, տոպրակին վրայ արնանման հետքեր եղած են, եւ ոստիկանները մօտենալով այդ քաղաքացիին, հարցուցած են, թէ ինչու տոպրակին վրայ արնանման հետքեր կան եւ ինչ կը տեղափոխէ:
Ոստիկանները կասկածելով այդ տղամարդուն, տոպրակը բացած են եւ այնտեղ յայտնաբերած կանացի գլուխ: Տղամարդուն անմիջապէս վնասազերծած են եւ բերման ենթարկած ոստիկանութեան Էրեբունիի բաժինը:
Ոստիկաններն ու քննիչները յայտնաբերած են յանցագործութեան գործիք դանակը, եւ նշանակուած են շարք մը փորձաքննութիւններ: Քննիչ խումբի ղեկավարի մասնակցութեամբ տեղի կ'ունենայ դէպքի վայրի զննութիւն: