Թուրքիոյ վարչապետ Ահմատ Տաւութօղլու Պէյրութ պիտի այցելէ: Այս մասին յայտնած է Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի: Հարիրի, որ անցեալ շաբաթ այց մը տուած է Թուրքիա, հանդիպում ունեցած էր Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի եւ Ահմատ Տաւութօղլուի հետ: Ան Պոլսոյ մէջ լրագրողներու հետ խօսելու ատեն ըսած էր, որ շրջանային այցի մը ծիրէն ներս Տաւութօղլու նոյնպէս Պէյրութ պիտի այցելէ: Նշենք, որ առաջին անգամը չէ, որ Տաւութօղլոյի Պէյրութ տալիք այցին մասին կը խօսուի: Լիբանանեան սիւննի շրջանակներ կը յուսան, որ Թուրքիոյ այսօրուան իշխանութիւնները կարեւոր նեցուկ ցոյց կու տան Լիբանանի նոր նախագահ մը ընտրելու համար տարուող ճիգերուն: