image

Աղասի Այվազեանի «Լացի այգին». Լիլիան Տարօնեան

Աղասի Այվազեանի «Լացի այգին». Լիլիան Տարօնեան

Յաճախ կը մտածեմ այն բանաստեղծութիւններուն, վէպերուն եւ թատերգութիւններուն մասին, որոնք չեն գրուած, կամ՝ ամէն տեսակի հետազօտութիւններու մասին, որոնք երբեք լոյս աշխարհ չեն եկած: Կը մտածեմ՝ ի՜նչ մսխում, որ աղքատացուցած է հայկական մեր ինքնութիւնը, թերեւս ոչ՝ անդարմանելի կերպով, սակայն գոնէ երկար ժամանակի համար: Ստեղծագործութիւններ, աշխատասիրութիւններ՝ գանձե՛ր որոնք անհասանելի պիտի մնան միշտ, կրկնակի կղպուած գաղտնի սենեակի մը մէջ. մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին պիտի զգանք անոնց գոյութիւնը, ինչպէս անդամահատուած անձ մը դեռ կը զգայ թեւը, որ մինչդեռ այլեւս գոյութիւն չունի:


 
Բայց կայ այլ բան մը. կան այն բոլոր գործերը որոնք ստեղծագործուած են 1915-էն ի վեր, գործեր որոնք գոյութիւն ունենալով հանդերձ հասանելի չեն եղած մեզի: Կա՛մ մենք չենք գացած դէպի անոնց, կամ ալ՝ անոնք չեն եկած դէպի մեզի: Օրինակի համար՝ ինչո՞ւ չեմ կարդացած Զաւէն Պիպէռեանի «Մրջիւններու վերջալոյսը» իր հրատարակութեան օրօք՝ 1984-ին: Ինչո՞ւ այս աստիճանի էական վէպ մը կարդացի իր հրատարակութենէն աւելի քան 30 տարի ետք միայն:

 

Ինչո՞ւ Աղասի Այվազեանի 1985-ին գրած «Լացի այգին» թատերգութիւնը երբեք չէ ներկայացուած: Եթէ իննսունական թուականներէն ասդին՝ Հայաստանի մէջ թատերական ներկայացման մը գացած ըլլայինք մեր բարեկամներուն հետ, այնուհետեւ պիտի վիճարկէինք ու Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ փոխադարձ անհասկացողութիւններու մէկ մասը մեր միջեւ վիճարկումի նիւթ դարձած պիտի ըլլար… Ինչո՞ւ գաղտնի սենեակը կը շարունակէ իր օրէնքները պարտադրել մեր կեանքին: Ինչո՞ւ այս խոչընդոտները: Ինչո՞ւ այս բացը:

 


«Թատերական ընթերցումներ»-ու շարքով՝ Արբի Յովհաննիսեան, իր թատերախումբին հետ, տարիներէ ի վեր կը տքնի եզակի նպատակի մը ցուցադրութեան համար, որ կը կայանայ հայ թատերագիրներու մեռեալ տառ մնացած, անտեսուած, հանրութեան գրեթէ երբեք չներկայացուած գործեր մոռացութենէ փրկելու մէջ: Այդ ցուցադրութիւնը կը կատարուի գրեթէ գիտական փորձարկումի մը պայմաններու տակ, անոր հետ նոյն բաղկացուցիչներով.- թատերական ստեղծագործութիւն մը, դերասաններ, տարածութեան մէջ կատարուող ընթերցում, հանրութիւն: Իսկ արդիւնքը՞. յաջողութիւն: Եւ, փորձարկումը, այդ ընթացքին կը վերածուի հաւաքական փորձառութեան մը:

 


Վերջին ներկայացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Փետրուար 12-ին, Փարիզի Համալսարանական ոստանի Հայ ուսանողներու տան մէջ: Հանրութեան կը հրամցուէր Աղասի Այվազեանի «Լացի այգին», թատերգութիւն մը, որ գրուած է Խորհրդային Միութեան քանդումէն քիչ ժամանակ առաջ եւ հրատարակուած՝ 1999-ին: Համբաւաւոր գրագէտ Աղասի Այվազեան, որ մահացած է 2007-ին, եղած է նաեւ Հենրիկ Մալեանի երկու ժապաւէններու բեմագիրը: Անոնցմէ մէկը «Եռանկիւնի»-ն է (1967), իսկ միւսը՝ «Հայրիկ»-ը (1972):

 

Թատերգութեան նիւթը կը հանդիսանայ Բ. Աշխարհամարտի վաղորդայնին՝ 1947-ին Ստալինի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած «հայրենադարձութեան»: «Ռուսական եւ խորհրդային աշխարհի տետրեր»-ուն մէջ («Cahiers du monde russe et soviétique») 1979-ին լոյս տեսած «Հայերու գաղթը Սփիւռքէն դէպի Խորհրդային Հայաստան. 1946-48» իր գրութեան մէջ Գլէր Մուրատեան կ՚ընդգծէ. «Բազմաթիւ ներգաղթողներ, որոնք 1946-48-ին իրենց ժամանած պահէն իսկ ցնցուած էին ի տես այն հսկայ տարբերութեան, որ կար իրենց կատարուած քարոզչական խոստումներուն եւ յետպատերազմեան խորհրդային իրականութեան միջեւ, ուզեցին վերադառնալ»։ «Սփիւռքներ» («Diasporas») հանդէսին մէջ 2002-ին լոյս տեսած «Երեւան՝ “աւետեաց քաղաք”. Սփիւռքահայերու հայրենադարձութիւնը, 1921-1948» խորագրեալ իր յօդուածին մէջ Թալին Տէր-Մինասեան եւս կ՚ընէ գրեթէ նոյն հաստատումը: «Իրենց երազած հայրենիքին եւ յետեղեռնեան խորհրդային անմիջական իրականութեան միջեւ այնքան խոր էր խրամատը, որ ներգաղթողները կ՚ունենան իսկական ցնցում մը»։

 


Աղասի Այվազեան այդ ցնցումի նիւթին մասին է, որ կը գրէ, ոչ թէ պատմագրութեան գործիքներու օգտագործումով, այլ՝ մեզ նետելով փոթորիկին մէջ, թատերագրութեան յատուկ լծակներով: Սկիզբէն իսկ մեզ կը համակէ յուզումը, երբ թատերգութեան անձնաւորութիւններու յիշատակումը կը հնչէ որպէս Հայոց ճակատագրի խտացում մը՝ Ի. դարու հայկական աշխարհագրութեան յղումով՝ Ֆրանսահայ, Ամերիկահայ, Յունահայ, Իրանահայ, Պոլսահայ, Սուրիահայ, Լիբանանահայ, Պուլկարահայ, 36-ի հայրենադարձ, Նորագոյն հայրենադարձ եւ այլն: Ութ ընթերցողները՝ Վետա Պայվերթեան, Վաչէ Տէմիրճեան, Սեդա Գափոյեան, Սանահին Քասապեան, Արբի Յովհաննիսեան, Աստղիկ Շինկիթեան, Ժիրայր Չոլաքեան եւ Էլի Չորպաճեան յաջորդաբար կը ստանձնեն տարբեր դերեր: Նկատի ունենալով թատերգութեան յարուցած բարդութիւնները, ինչպէս օրինակ՝ տիպարներու մեծ թիւը, գործածուած միջոցներու նօսրութիւնը, պէտք է ընդգծել եւ ծափահարել որքան Արբի Յովհաննիսեանի բեմադրական զարմանալի իրագործումը, նոյնքան ալ դերակատար-ընթերցողներուն կատարումը:

 


Անոնք յաջողեցան շնորհական պահ մը ստեղծել: Մինչդեռ, կը ներկայացնէին կազմալուծուած ժողովուրդ մը, կը խորհրդանշէին քանդումը՝ կատարեալ անապահովութեան շրջապատի մը մէջ, ուր լրտեսները ամէն տեղ են, բրտութիւնը, դաժանութիւնը կը ստեղծեն առանձնութեան աշխարհ մը: Հայրենադարձներու եւ տեղական իրականութեան ճակատումը սաստիկ բիրտ է: Ահա քանի մը հատուածներ. «Անիկա կ՚ուզէ հասկցնել, որ Աստուած ինծի պատժեր է՝ հայ ստեղծելով … Ո՞ւր պիտի աքսորեն … Հոսկէ աւելի դժոխային տեղ կրնա՞ն գտնալ …  Ինչո՞ւ տիկին կ՚ըսես … Հոս քա՛ծ կ՚ըսեն … նա պիտի զզուանք զգայ ինքն իրենից, իր պատմութիւնից, իր նախնիներից, իր հօրից ու մօրից, իր լեզուից ու կերպարանքից … Լաւը վատ է դարձել, վատը՝ լաւ։ Ստրուկների կեղտոտ հաւաքածու …»։

 

Բազմաթիւ անգամներ կը յայտնուի Ստալինի քաղաքական ոստիկանութեան պետը՝ վախազդու Պերիան, իր գերբնական երեւոյթով, ինչպէս Մոլիէռի «Տոն Ժուան»-ին մէջի Հրամանատարի արձանը, որ պիտի ըսէ, թէ Հայը ի՛նչ է ըստ իրեն. «Թուրքական իմպերիան հարիւր տարուայ ընթացքում էսպիսի արդիւնքի չհասաւ։ Մարմինն էին խլում։ Իսկ Հայը առանց մարմին էլ կարող է ապրել։ Մի մարդ էլ մնայ՝ իրենց ցնդած ֆանատիզմը պիտի ապրեցնի։ Հոգին պիտի հանէին, թող մարմինը մնար։ Մարմինը թող մնայ։ Որ ոչնչացնի ոգին։ Մարմնից աւելի մեծ թշնամի չունի ոգին։ Մարմինը նրան կ՚իջեցնի, խուժան ու գիադա կը դարձնի, կը խլի լեզուն, մէկմէկու ատել կը տայ, ամօթալի ու խայտառակ վիճակը սիրելի կը դառնայ Հային … Հայը կը հայհոյի Հայաստանը, կը զզուի Հայաստանից։ Միայն Հայը կարող է ոչնչացնել Հայաստանը »։

 


Ոչ մէկ ապաստան կայ, բացի «սպիտակ մօրուքով ծերունի»-ին խօսքերէն: Ընդունուած միակ ճշմարտութիւնը՝ անոր բերնէն ելլողն է, անոր՝ որ կ՚ընկալուի որպէս խենթ: «Աս մէկ տեղացին արդէն ձեռքէ գացեր է … Մեր դերդէն, թերեւս…»։ Կ՚ակնարկէ Կոմիտասին, Անդրանիկին, հայ աշխարհի պահապան դէմքերուն: Կը կարծէ զանոնք տեսնել հայրենադարձներուն ընդմէջէն. «Անդրանիկ փաշա … Դո՞ւ ես։ Այստեղ սպանում են … Այստեղ Հայի հոգին են հանում … Այստեղ Հայաստան են սպանում … Աստուած հնարաւո՞ր է սպանել … Հայաստանը Աստծու մասն է, յաւիտենս յաւիտենից … Հայաստանը ճակատագիր է … Փրկուել ճակատագրից անմտութիւն է … Փրկուել Հայաստանից անհնար է … Դա նշանակում է փախչել մարմնից … Դու քո մարմնից ի՞նչպէս պիտի անջատուես…»։

 


Արբի Յովհաննիսեան եւ իր թատերախումբը անվհատ կ՚աւետեն լաւ լուր. կան գանձեր որոնք մեր տրամադրութեան տակ են: Որպէս հաւաքական փորձառութիւն՝ տէր կանգնինք հայ ազգի արտադրած եւ հազար ու մէկ պատճառներով լքածին: Տէր կանգնինք այս ամբողջին, հիմա՛:

 


Լ.Տ.
Փետրուար 21

«Նոր Յառաջ»