Սուրիոյ Աֆրին քաղաքին մէջ սուրիական բանակին կողմէ հրասայլերու կիրառումէն ետք ԱՄՆ-ի կողմէ հովանաւորուող եւ թրքական ուժերուն դէմ պայքար մղող Քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերը ստիպուած եղած են ետ քաշուիլ դէպի սուրիական բանակի կողմը, մինչդեռ Աֆրինի մէջ յարձակումներ իրականացնող թրքական բանակի գլխաւոր հրամանատարը երկու սպայ ուղարկած է սուրիական բանալի հրամանատարին մօտ, հետաքրքրուելու, թէ արդեօք վերջինս որեւէ բանի կարիք ունի՞: Իր հերթին սուրիացի հրամանատարը պատասխանած է, թէ ոչինչի կարիք ունի, եւ ինք պարզապէս իր սուրիական հողերը կը պաշտպանէ ԱՄՆ ուժերէն:
Այդ ժամանակ երկու սպաները սուրիացի հրամանատարին յայտնած են, թէ Աֆրինի հարաւային մուտքին գտնուող Սահնայա աւանին մէջ գտնուող մօտ 10 հազար քիւրտ զինեալները ահեղ պայքար կը մղեն, որմէ ետք սուրիացի հրամանատարը կապուելով Դամասկոս գտնուող բանակի գլխաւոր հրամանատարութեան հետ տեղեկացուցած է այդ մասին:
Այնուհետեւ Սուրիոյ ռազմական հրամանատարութիւնը հրաման արձակած է երկու զօրագունդ ուղարկել Սահնայա աւան, եւ այնտեղ գտնուող քուրտերը հարուածել, սուրիական բանակին առջեւ ճամբայ բանալու համար, որպէսզի հասնի Մունպուճ աւան, ուր 2000 ամերիկացի զինուոր կայ:
Սահնայա հասնող երկու զօրագունդերը հրասայլերով ու թնդանօթներով թէժ պայքար մղած են, եւ ըստ երեւոյթին, ԱՄՆ պիտի չկարողանայ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերել քիւրտերուն, հետեւաբար Աֆրին քաղաքի ազատագրումը Սուրիոյ բանակին կողմէ երկար պիտի չտեւէ: