Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ անցնող 24 ժամուան ընթացքին քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերու 58 զինեալ սպանած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Թուրքիոյ բանակին փոխանցած տուեալներուն համաձայն, Աֆրինի մէջ թրքական ու քրտական ուժերուն միջեւ բախումն սկսած օրուընէ ի վեր քրտական կողմի մարդկային վնասները 1931 են: