image
Հրատապ լուրեր:

67-ի պատերազմէն ի վեր Ալ Աքսայի խոշորագոյն ներխուժում

67-ի պատերազմէն ի վեր Ալ Աքսայի խոշորագոյն ներխուժում

Երէկ, կիրակի առաւօտեան հարիւրաւոր իսրայէլացիներ ներխուժած են Ալ Աքսա մզկիթը, «Երուսաղէմի միացման օր»ուան տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ:

Ըստ պաղեստինեան լրատուամիջոցներուն, ներխուժողներու թիւը գերազանցած է 1620 անձը, որ 1967 թուականի Երուսաղէմի գրաւումէն ի վեր ներխուժման խոշորագոյն չափը կը համարուի:

Ներխուժողները իսրայէլեան դրօշակներով յառաջացած են դէպի Ալ Սախրա գմբէթը, մինչդեւ իսրայէլեան ոստիկանութիւնը լիակատար պաշտպանութիւն ապահոված է անոնց համար:

Պաղեստինեան «Մաա» լրատուական գործակալութեան համաձայն, ներխուժողները յարձակած են մզկիթի պահակներուն եւ անվտանգութեան աշխատակիցներուն վրայ, ինչպէս նաեւ արգիլած են արաբ հաւատացեալներու մուտքը մզկիթ: