image
Հրատապ լուրեր:

200 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 6 777-ի

200 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 6 777-ի

Հայաստանի մէջ, 8 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 40 185 դէպք, որոնցմէ 32 395-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 6 777 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 174 438 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 200 նոր դէպք եւ  387 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 8 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 785):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 90, 78, 62 տարեկան տղամարդիկ եւ 68, 64, 82, 73, 51 տարեկան կանայք։ Բոլորն ալ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։