Յառաջիկայ 18 փետրուարին ամերիկահայ լուսանկարիչ Ցոլակ Յովսէփեան պիտի բոլորէ իր 100-րդ տարեդարձը:
Այս առիթով Լոս Անճելոսի հայկական գաղութը եւ յատկապէս «Ասպարէզ» օրաթերթը որոշած է հանդիսաւոր կերպով նշել երախտարժան հայորդիի ծննդեան օրը:
Այս առթիւ «Ասպարէզ»ի խմբագիր Աբօ Պողիկեան ստորագրած է կարճ նշմար մը, ուր մասնաւորապէս կ'ըսէ ՝ «Ընկեր Ցոլակ, վերջին տասնամեակներուն, գրեթէ ամէն օր (բացառութեամբ անձրեւոտ օրերուն) «Ասպարէզ» կու գայ, յատուկ ջերմութեամբ մը կ՛ողջունէ անձնակազմի իւրաքանչիւր անդամը, կը հարցնէ մեր որպիսութիւնը եւ կը փոխանցէ իր օրհնութիւնը: Խմբագրութիւնս մեծապէս օգտուած է նաեւ ընկերոջ լուսանկարներու հարուստ հաւաքածոյէն: Այս մարդը, յատուկ ջանադրութեամբ, մեր համայնքի երախտաւորներու հոծ թիւ մը նստեցուցած է իր լուսանկարչական մեքենային առջեւ եւ բռնած անոնց հայեացքը: Նոյն ջանադրութեամբ, ան փորձած է իր ալպոմին բնակիչ դարձնել գաղութս այցելած սփիւռքահայ եւ Հայաստանէն այցելու մշակութային ու հասարակական բազմաթիւ գործիչներ»:
ՀՅԴ անդամ լուսանկարիչ ծնած է Պաղտատ 1918-ին եւ կարճ ժամանակ մը ետք գաղթած ու հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ: Ան տարբեր առիթներով կ'այցելէ հայրենիք եւ Հայաստանի մէջ ալ զինք սիրողներու եւ իր նուիրումը գնահատողներու պատկառելի թիւով բարեկամներ ունի:
«Ասպարէզ» նաեւ կը նշէ, որ Ցոլակ Յովսէփեանի 100րդ տարեդարձը պիտի նշուի հրապարակային կերպով, ընտանեկան եւ ընկերական իր լայն շրջանակին հետ, խմբագրութեան կազմակերպած ճաշկերոյթի մը ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Փետրուար 16-ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ: