image
Հրատապ լուրեր:

168 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 6 018-ի

168 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 6 018-ի

Հայաստանի մէջ, 16 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 41 663 դէպք, որոնցմէ 34 584-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 6 018 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 185 310 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 168 նոր դէպք եւ  100 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 1 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 818):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդը եղած 30 տարեկան տղամարդ եւ չէ ունեցած ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մաճուան եւս 1 դէպք, երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 243 է: