Ամերիկայի մէջ 11 սեպտեմբերի դէպքերու առնչութեամբ Քոլորատօ նահանգին մէջ ձերբակալուած ու բանտարկուած միակ դատապարտեալ Ֆրանսայի քաղաքացի Զաքարիա Մուսաուի Թրամբի դէմ դատական հայց ներկայացուցած է, բողոքելով բանտին մէջ իր ապրած անբարենպաստ պայմաններուն դէմ:
«Ֆրանսբրէս» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, բանտարկեան Զաքարիայի բողոքի թերթիկին մէջ վերջինս շեշտած է, թէ մեկուսարանին մէջ կեղեքումներու կ'ենթարկուի, պահանջելով թոյլ տալ իրեն դատաւորին մօտ ներկայանալու եւ իր ըսելիքը փոխանցելու:
Թերթիկին մէջ Մուսաուի յայտնած է, որ Թրամբ ԱՄՆ բանտերու ղեկավարութեան հետ միասին զրկած է զինք պաշտպան ունենալու իրաւունքէն, որպէսզի առաւել ընկճուի, ինչպէս նաեւ խանգարած են 11 սեպտեմբերի դէպքերուն շուրջ իր մօտ եղած բոլոր տեղեկութիւնները տրամադրելու:
Գրութեան մէջ Մուսաուի պնդած է անցեալին տուած իր ցուցմունքը, շեշտելով, որ սէուտցի էմիրներ նիւթապէս աջակցած էին «Ալ Քաիտէ»ին, ԱՄՆ-ի մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ կազմակերպելու համար:
Նշենք, որ Մուսաուիի կողմէ սէուտցի էմիրներուն դէմ ուղղուած մեղադրանքները աւելի վաղ հերքուած են, ու ոչ մէկ պատասխանատուութեան ենթարկուած են անոնք: