image

10 Երեւելի Գործիչներ Զօրակցութիւն Կը Յայտնեն «Ժումհուրիյէթ»ի Բանտարկուած Խմբագիրներուն

10 Երեւելի Գործիչներ Զօրակցութիւն Կը Յայտնեն «Ժումհուրիյէթ»ի Բանտարկուած Խմբագիրներուն

Թուրքիա- («Թուտէյզ Զաման»-Պոլիս)- Երկուշաբթի օր, Թուրքիոյ մէջ տասը նշանաւոր դէմքեր խնդրած են քրէական հետապնդման ենթարկուիլ, յայտարարելով իրենց աջակցութիւնը «Ժումհուրէյթ»ի խմբագիրներուն՝ Ճան Տիւնտէրին եւ Էրտէմ Կիւլին կառավարութեան հասցէին քննադատական ​​լուրերու հրապարակման համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Թուտէյզ Զաման»ը, աւելցնելով, որ անոնց նպատակը զօրակցութիւն ցուցաբերելն էր երկու ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած բանտարկեալ լրագրողներուն:

Աղբիւրի հաղորդմամբ, խումբին մաս  կազմած են արուեստագէտ եւ  մարդու իրաւունքներու պաշտպան՝ Շանար Եուրտաթափանը, սպաննուած լրագրող Հրանդ Տինքի կինը՝ Ռաքէլ Տինքը, երգիչ Ֆէրհաթ Թունչը, լրագրող Սէլալ Պաշլանկիչը  եւ մի քանի ուրիշներ, որոնք երթալով Պոլսոյ Չաղլաեանաի դատարան, պահանջած են դատախազէն իրենց հասցէին քրէական բողոք ներկայացնել:

Խօսելով մամուլին, Եուրտաթափան ըսած է, որ  ինք խումբ մը մտաւորականներու հետ նոյն բանը ըրած էր 21 տարի առաջ, աջակցելու նպատակով հանգուցեալ հեղինակ՝ Եաշար Քէմալին, միջազգային ճանաչում ունեցող թուրք գրողին, որ հետաքննութիւններու ենթարկուած էր կառավարութեան հասցէին ընդդիմադիր հայացքներ արտայայտելուն համար:

Թերթը կը նշէ, որ խումբի անունով խօսելով, Եուրտաթափան յայտարարած է, որ եթէ Տիւնտէրի եւ Կիւլի ըրածը յանցագործութիւն կը համարուի, ապա մենք կը խնդրենք նոյն իրաւական գործընթացը գործարկուի նաեւ մեր դէմ եւ  դատախազը պէտք է այդ մէկը ընէ, ելլելով սահմանադրութեան մէջ նախատեսուած քաղաքացիներուն հաւասարութեամբ վերաբերուելու օրէնքէն: «Մենք այստեղ ենք, դատարանին ցոյց տալու համար, որ մենք  Տիւնտէրի եւ Կիւլի յանցագործութեան յանցակից ենք»,-ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ 2014 թուականի Յունուարին, Ազգային հետախուզական կազմակերպութեան (MIT) պատկանող բեռնատարներ, ապօրինաբար զէնք կը մատակարարէին Սուրիա,  ծայրայեղական խմբաւորումները սպառազինելու նպատակով, որ պայքար կը տանի սուրիական ռէժիմի դէմ: Այս եղելութիւնը նկարներով, ֆիլմով եւ հրապարակումներով բացայայտած ըլլալնուն համար  26 Նոյեմբեր  2015 թ.ին «Ժումհուրիյէթ»ի երկու խմբագիրները ձերբակալուած են պետական գաղտնիք հրապարակելու, լրտեսութեան եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու մաս կազմելու մեղադրանքով, եւ նկատուած են ազգի դաւաճաններ, ստանալով համապատասխան պատիժ: