Սուրիական թղթոսկին՝ Լիրան կը շարունակէ նահանջել։
Այս մասին տեղեկութիւնը հրապարակած է «Ալ Ժատիտ» կայանը։
Աղբիւրին հաղորդմամբ վերջին օրերուն Սուրիոյ ելեւմտական շուկան ծանր ազդեցութիւններ կրած է եւ ներկայ պահու դրութեամբ ամերիկեան մէկ տոլար գնելու համար սուրիացիք կը վճարեն 1400 սուրիական լիրա։
«Ալ Ժատիտ» նաեւ կը նշէ, որ լիրայի կտրուկ անկումը կապ ունի, ոչ միայն Սուրիոյ դէմ առկայ տնտեսական պաշարումին, այլ նաեւ «Քորոնա» ժահրի ստեղծած իրավիճակին եւ այդ այդ առումով շրջանային զարգացումներուն եւ մտավախութիւններուն հետ։