image

Մահացած է ազգային բարերար, Գարեգին Նժդեհի թիկնապահ Կարպիս Փափազեանը

Մահացած է ազգային բարերար, Գարեգին Նժդեհի թիկնապահ Կարպիս Փափազեանը

Եւրոպայի  orer.eu,  Աւստրիոյ «Արարատ» Մարզական Միութեան յղում ընելով  կը տեղեկացնէ, որ 25 յունիսին Վիեննայի մէջ, երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, 99 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքած է յայտնի գործարար, ազգային բարերար, հասարակական ու համայնքային գործիչ Կարպիս Փափազեանը։  Անոր ցանկութեամբ Աւստրիոյ մէջ հիմնուած է ՀԲԸՄ  «Կարպիս Փափազեան» մրցանակը, որ կը տրուի մինչեւ հիմա: 

Կարպիս Փափազեանը ծնած է 1920 թուականին՝ Պուլկարիոյ Սլիւէն քաղաքին մէջ։ 1940 թուականին տեղափոխուած է Վիեննա: Ունեցած է համայնքային հարուստ գործունէութիւն: Փափազեանը եղած է Գարեգին Նժդեհի թիկնապահը՝ Եւրոպայի մէջ: