Յառաջիկայ շաբաթ օր, Սուրիոյ մայրաքաղաք՝ Դամասկոսի մէջ, թերթը թուղթի վրայ տպելու փոխարէն՝ պիտի տպուի նշանաւոր հիւրանոցի մը կառոյցին վրայ:
Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին ՝ Դամասկոսի նշանաւոր «Սեմիրամիս» հիւրանոցը վերականգնող խումբը, կառավարական կազմակերպութիւններէն յատուկ արտօնութիւններ ստանալէ ետք, սկսած է իրագործել արդիական եւ իւրայատուկ գաղափար մը:
Նախաձեռնողները մշակութային եւ տեղեկատուական տպագիր թերթ մը հրապարակելու փոխարէն, իրենց «թերթ»ը պիտի «տպեն» Դամասկոսի մարդաշատ թաղամասի մէջ գտնուող «Սեմիրամիս» հիւրանոցին պատերուն վրայ: Այսպիսով այս մարդաշատ թաղամաս մտնող եւ հոնկէ դուրս եկող մարդիկ, թերթը պիտի «կարդան»…. Շէնքին վրայ:
Այս միտքը յղացող անձնակազմը, որոշած է, որ թերթը «տպուի» 3 ամիսը անգամը:
Այսպիսի նախադէպ դեռ չէ եղած։ Պատերազմի փլատակներէն դուրս եկած Դամասկոսը կը դառնայ առաջին քաղաքը, որ այսպիսի նախաձեռնութիւն մը կ'իրականացնէ: