Հայազգի սենարիսթ, բեմադրիչ եւ ֆիլմարտադրող Սթիւըն Զաիլեանը առաջադրուած է «Օսքար» մրցանակի։ «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ ան առաջադրուած է «Լաւագոյն պատշաճեցուած բեմագրութեան» մարզին մէջ, «Այրիշմըն» ֆիլմին իր բեմագրութեան համար:
Հեղինակ է «Բազէն եւ Ձիւնեմարդը» (1985), «Արթնացումներ» (1990), «Փնտռել Պոպի Ֆիշերը» (1993, նաեւ՝ բեմադրիչ), «Շինտլըրի ցուցակը» (1994), «Անհնարին առաքելութիւն» (1996, նաեւ՝ բեմադրիչ), «Հաննիպալ» (2001), «Նիւ Եորքի աւազակախումբերը» (2002), «Թարգմանիչը» (2005), «Թագաւորի ողջ թիկնազօրը» (2006) եւ այլ ֆիլմերու սենարներ։
1994-ին արժանացած է «Օսքար» մրցանակի «Շինտլըրի ցուցակը» ֆիլմի սենարի համար։ Նաեւ երեք անգամ առաջադրուած է «Օսքար» մրցանակի «Արթնացումներ» (1990), «Նիւ Եորքի աւազակախումբերը» (2002) եւ «Թագաւորի ողջ թիկնազօրը» (2006) ֆիլմերու սենարներու համար։