image
Հրատապ լուրեր:

«Բարի եկար, մեր տունը շէնցուցիր եւ մեզ ալ խանդավառեցիր».Հալէպահայ երգիչ Սուրիկ Մագտէսեան պատմեց իր փորձառութեան մասին

«Բարի  եկար, մեր տունը  շէնցուցիր եւ   մեզ ալ խանդավառեցիր».Հալէպահայ երգիչ  Սուրիկ Մագտէսեան պատմեց իր փորձառութեան մասին

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ վերջին տարիներուն ԱՄՆ հաստատուած հալէպահայ երգիչ,  դիմատետրի  «Սուրո  Շոու»   յայտագրի  հեղինակ` Սուրիկ Մագտէսեանը:

 

-Պրն. Մագտէսեան, ե՞րբ սկսաք երգել եւ ի՞նչն էր պատճառը, որ մղեց ձեզի երգի աշխարհ մտնել։


Երգել սկսած եմ 1987 թուականէն, պատճառը իմ ներշնչումս էր, եւ  սէրս հայ արուեստին, հայ երգին հանդէպ եւ փոքր տարիքէս կը փորձէի սորվիլ այդ երգերուն բառերը:  1985 թուականին բախտը ունեցայ ծանօթանալու երգահան Պերճ Երէցեանին, անոր դասընթացքներուն հետեւելով զարգացուցի իմ կարողութիւններս, ձայնիս վրայ աշխատեցանք, Պերճ Երէցեանը այս առումով ինծի առաջին քաջալերողներէն մէկը եղած էր, կրնամ ըսել մեր հայ գուսաններուն ծանօթացայ եւ իսկական հայ երգը սորվեցայ Պերճ Երէցեանի ճամբով: Բաւական աշխատանքէ ետք, արդէն 1987-1988 թուականներուն սկսած էի երգել: Առաջին անգամ 1987 թուականին էր, որ բեմ բարձրացայ, հարսանեկան առիթի մը մասնակցութիւնս բերի 10 երգերով եւ բաւական գնահատանք ստացայ, այդ գնահատանքը եւ քաջալերանքը  զիս աւելի  ներշնչեցին  եւ սկսայ աւելի աշխատիլ, աւելին սորվիլ եւ աւելին ներկայացնել:

 

-Պիտի խնդրէինք  կարճ տողերու մէջ ներկայացնէք, թէ Հալէպի մէջ ո՞ր ակումբներու  մէջ երգած  էք։


Զանազան առիթներով երգած եմ «Հուրրիյէ», «Թուրինկ քլապ», «Ուրուպէ» ճաշարաններուն մէջ, իմ երգեցողութեամբ մասնակցած եմ զանազան պարահանդէսներու, ճաշկերոյթներու եւ ազգային առիթներու: 1993 թուականին մասնակցած եմ Համազգայինի Նիկոլ Աղբալեանի պարախումբի համերգին, երգելով երեք լեզուներով՝ հայերէն, յունարէն եւ արաբերէն: Երկու տարի մասնակցած եմ Բարեգործականի «Պիկ Պանտ» նուագախումբի համերգին, որուն խմբավարն էր երգահան պրն. Պերճ Երէցեանը, Լիբանանի մէջ եւս մասնակցած եմ առիթներու, պարահանդէսներու, 1996-ին ունեցած եմ անհատական համերգ՝ Աշուղական երգերու երեկոյ, որ կազմակերպած էր Հայ կաթողիկէ համայնքը, անշուշտ դարձեալ երգահան Պերճ Երէցեանի եւ իր նուագախումբի ընկերակցութեամբ:

Այսօր արդէն ունիմ իմ անձնական երգերս, որոնցմէ առաջին երկուքը՝ «Սուտ է սէրը» եւ «Մնայ դու, մնայ» ձայնագրած եմ 2011-ին եւ 2012-ին, 2000-ական թուականներուն ձայնագրած եմ երկու աշուղական երգեր՝ «Սէրն արեւ, արեւ» եւ «Աղբիւր ես սարէն կու գաս», Պերճ Երէցեանին հետ. 2011-ին եւ 2012-ին երկու հարցազրոյցներ տուած եմ Հալէպի պետական ռատիօկայանին:

 

-Դուք ծնած  եւ երկար  տարիներ ապրած  էք Հալէպի մէջ, այնտեղ  եւս հանդէս  եկած էք որպէս երգիչ։ Ի՞նչ կը յիշէք այդ տարիներէն եւ ի՞նչն է ամենաշատը տպաւորած Ձեզ։


Այո, ես ծնած եմ Հալէպ, 1970 թուականին,ամէնէն շատ ինծի տպաւորած էր հալէպահայ գաղութի հայկական առիթները եւ պարահանդէսները, որովհետեւ իսկապէս մեր  ժողովուրդի դէմքերուն վրայ միշտ գեղեցիկ ժպիտ կը տեսնէինք, շէնութիւն մը կար այդ օրերուն, ուրախութիւն մը կար ժողովուրդին մէջ, ատի ամենաշատը տպաւորած է զիս, նաեւ ժողովուրդին գնահատանքը՝ հայ արուեստագէտներուն, շատ շատ լաւ էր: 

 

-Պատերազմի հետեւանքով Դուք եւս մեկնեցաք Ամերիկա։ Ստիպուած էիք այդ  որոշումն առնել ու հոն եւս, այս անգամ  Ֆէյսպուքի միջոցաւ որոշեցիք    հանդէս գալ եւ երգել։ Ի՞նչ էր  հիմնական պատճառը  այդ որոշումին։


Ուրեմն, երբ հաստատուեցայ ԱՄՆ, 2015-ին, երկար ժամանակ մտածելէ ետք, փորձեցի անձնական յայտագիր մը ունենալ Ֆէյսպուքի վրայ, մանաւանդ, որ մեծ թիւով ունկնդիրներ ունէի, որոնք ինծի կը հետեւէին, անոր համար  ալ ուզեցի որ լայվ բան մը ըլլայ, ուր մարդոց հետ խօսելու եւ երգելու հնարաւորութիւն ստեղծուի։ Նպատակը մարդոց ուրախացնելու միջոց գտնելն էր եւ նորութեամբ մը հանդէս գալը: Եւ այսպիսով, 11 ամիս առաջ էր, 27 Յունիսին արդէն մէկ տարի կ'ըլլայ, որ ես սկսած եմ «Սուրօ Շոու» յայտագիրս, որուն միջոցաւ շատ մարդոց ուրախութիւն կը պատճառեմ, ժողովուրդին մօտ կ'ըլլամ, միասին կը խօսինք, կ'երգենք, լաւ ժամանակ կ'անցընենք: Բոլորէն  դրական արձագանգներ կը ստանամ, կ'ըսեն՝ բարի եկար,  մեր տունը շէնցուցիր, խանդավառեցիր. ասիկա ինծի համար ամէնէն գեղեցիկ խօսքերն են, որ կը լսեմ եւ միշտ պիտի շարունակուի այս ծրագիրը, միշտ իրենց հետ եմ:

 

-Ձեր ֆէյսպուքի ուղիղ եթերով տրուող համերգները կարծէք նոր մշակոյթ մը ստեղծեցին եւ այսօր տարբեր երկիրներու մէջ կան տասնեակ երգիչներ, որոնք նոյն միջոցին կը դիմեն։ Ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին։


Այո, կը կարծեմ, որ ֆէյսպուքի լայվ յայտագիրովս, «Սուրօ Շոու»ով, որ ամէն շաբաթ օր կը ներկայացնէի, նոր մշակոյթ մը ստեղծեցի եւ այսօր զանազան երկիրներէ, կրնամ ըսել աշխարհի չորս կողմէն մարդիկ կը մասնակցին «Սուրօ Շոու»ին. ներկայիս սկսանք յայտագիր շաբաթը երկու օր ընել, միշտ նորութիւն ունինք, միշտ նոր մասնակցող ունինք,  մանաւանդ որ «Քորոնա» ժահրի պատճառով մարդիկ պէտքը կը զգային ատոր, եւ շատ մարդոց կրցայ ուրախացնել, եւ զանոնք  տխուր տրամադրութիւններէն դուրս հանել:

Ներկայիս շատ երգիչներ, «Քորոնա»ի օրերուն, սկսան նոյն միջոցին դիմել, որովհետեւ իրենք ալ նոյն իմ զգացումս ունին, կ'ուզեն մարդոց մօտ ըլլալ եւ ուրախացնել, ես բոլորին ալ յաջողութիւն կը մաղթեմ, լաւագոյն մաղթանքներս բոլորին:

 

-Սփիւռքի մէջ  հինէն ի վեր յատուկ վերաբերմունք եւ սէր  կայ արեւելահայերէն լեզուի  ու երգի հանդէպ. Ձեր կարծիքով ի՞նչ է  պատճառը,  եւ այս  մօտեցումը կարծէք թէ որոշ նահանջ կը պատճառէ արեւմտահայերէնին։


Ես կը կարծեմ արեւելահայերէնի հանդէպ յատուկ վերաբերմունք եւ սէր եղած է, որովհետեւ այն մեր հայ լեզուն է: Ինծի համար տարբերութիւն չկայ, պարզապէս խօսակցական ձեւն է, որ քիչ մը կը տարբերի, բառապաշարը կը տարբերի, արաբական երկիրներ հաստատուած արեւմտահայերը երբեմն կը գործածեն արաբերէն բառեր, արաբական երկիրներու մէջ ծնած եւ մեծցած ըլլալու պատճառով, իսկ արեւելահայերը կը գործածեն ռուսերէն բառեր, բայց ես կը կարծեմ երկու լեզուներուն մէջ տարբերութիւն պէտք չէ դնենք, երկուքն ալ հայերէն են, եւ բնականաբար արեւմտահայերէնը նահանջ պիտի ապրի:

 

-Ո՞ւր  կը գտնուի հայկական երգը այսօր: 


Ես կը կարծեմ հայ երգը ամէնէն շատ կ'ապրի եւ կը գտնուի Հայաստանի, հայրենիքի մէջ, ես անձամբ միշտ լսած եմ մեր հայրենի զանազան արուեստագէտներու եւ արուեստագիտուհիներու երգերն ու նուագները, անոնք յատուկ տեղ ունեցած են մեր սրտերուն մէջ, բայց ներկայիս կը կարծեմ, որ Հայաստանէն լսուող հայ երգը առաջուայ նման նոյն տպաւորութիւնը չի ձգեր, որովհետեւ շատ բան  փոխուած է, սկսած են փոխել ամէն ինչ՝ ռիթմերը եւ շատ բաներ, եւ կ'արտադրեն հիմնական պարային երգեր եւ մարդիկ միայն այդ ձեւով կրնան հայ երգը լսել: