Երեք անձեր վիրաւորուեցան, մինչ ուրիշ մը մահացաւ Գերմանիոյ մէջ գրանցուած կրակոցին պատճառով: Այս մասին լուրը փոխանցեց «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանը նշելով, որ անծանօթ զինեալներ կրակ բացին Կոնստանս քաղաքին մէջ գտնուող գարեջրատան մը մէջ:
Դէպքը տեղի ունեցած է երէկ ուշ գիշեր եւ մինչեւ այս պահը դրդապատճառները յայտնի չեն: