image

Crocus City Hall-ի դէպքէն տուժածները կը պահանջեն քրէական գործ յարուցել Աղալարովի դէմ

Crocus City Hall-ի դէպքէն տուժածները կը պահանջեն քրէական գործ յարուցել Աղալարովի դէմ

Crocus City Hall համերգասրահին մէջ մարտ 22-ին իրականացուած ահաբեկչական յարձակումէն տուժողները դիմած են Ռուսիոյ Քննչական կոմիտէ՝ համալիրի սեփականատիրոջ նկատմամբ քրէական գործ յարուցելու համար։

Անոնք պնդած են, որ շէնքը հակահրդեհային պատշաճ համակարգ չէ ունեցած։

Տուժողներու շահերու պաշտպան փաստաբան Իկոր Թրունովը հայցը ներկայացուցած է Քննչական կոմիտէի ղեկավար Ալեքսանտր Պասթրիքինին՝ խնդրելով լուծել քրէական գործ յարուցելու հարցը։

Ահաբեկիչներու կրակոցներու եւ համերգասրահին մէջ բռնկած հրդեհի հետեւանքով զոհերու թիւը վերջին տուեալներով հասած է 144-ի, տուժած է 551 մարդ։

Crocus City-ն կը պատկանի ատրպէյճանցի միլիառատէր Արազ Աղալարովին, ան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի նախկին խնամին է։