Կիրակի գիշեր լոյս երկուշաբթի անյայտ անձը ներխուժած եւ տակնուվրայ ըրած է ռուսական «Սնոպ» լրատուական պարբերականի խմբագրութիւնը, որու գլխաւոր տնօրէնն է Մարինա Գէորգեանը:
«Այդ մարդու շարժառիթները մեզի յայտնի չեն, առաւօտեան 9-էն չենք կրնար մտնել գրասենեակ, քանի որ այնտեղ կ'աշխատի քրէագէտը: Համապատասխանաբար, վնասի չափը եւս դեռ չենք կրնար գնահատել», -Rusarminfo-ի փոխանցմամբ՝ իր Telegram-ալիքին յայտնած է պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Քսենիա Չուտինովան:
Վերջինս նշած է, որ վնասի չափը գնահատելէ ետք խմբագրութիւնը օգնութեան կարիք պիտի ունենայ: Կտրուած է երկու համակարգիչ, եւ ամբողջովին աւերուած է գլխաւոր խմբագիրի աշխատասենեակը:
Մարինա Գէորգեանը 2012 թուականէն կը զբաղցնէ պարբերականի գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնը: 2017-ին ան անձնական միջոցներով ձեռք բերած է «Սնոպ մետիա»-ի 100 տոկոս միջոցները: