Շարք մը հեղինակաւոր միջազգային լրատուամիջոցներ հրապարակած են Ֆրանսայի ամենայայտնի խորհրդանիշներէն մէկուն՝ Փարիզի Աստուածամօր տաճարի՝ սոսկալի հրդեհէն ետք առնուած առաջին քատրերը:
Մասնաւորապէս France24-ը կը գրէ, որ 15 ապրիլի երեկոյեան սկսած հրդեհի հետեւանքով փլուզուած է հանրայայտ աշտարակը, սակայն հրշէջներու անձնուրաց աշխատանքի շնորհիւ շինութեան հիմնական մասը յաջողուած է փրկել:
Հրշէջ ծառայութեան ղեկավարը ըսած է, որ քանի մը ժամ կրակի դէմ պայքարելէ ետք, հրշէջները յաջողած են լիակատար աւերումէ փրկել տաճարը:
Բրիտանական The Guardian պարբերականը ցաւակցութիւն յայտնած է Փարիզին «սարսափելի կորստի» առնչութեամբ:
«Այնպիսի տպաւորութիւն է, որ կարծես Ֆրանսայի սիրտն ու Եւրոպայի հոգին անսպասելիօրէն եւ չարամտօրէն պոկեր են»,- կը գրէ պարբերականը:
«Կը թուէր՝ երբ փլաւ տաճարի աշտարակը, անոր հետ փլաւ նաեւ ամբողջ աշխարհը: Փարիզցիները կու լային փողոցներուն մէջ: Իսկապէս, ամբողջ աշխարհը կու լար»,- կը գրէ The Independent պարբերականը:
Ամերիկեան New York Times-ը նշածէ, որ հրդեհը ամբողջ աշխարհին վիշտ յարուցած է: Պարբերականի հաւաստմամբ՝ հազարաւոր փարիզցիներ նետուած են Սենայի ափերուն մօտ՝ հետեւելու, թէ ինչպէս կրակի լեզուակները կը լափեն տաճարը:
Յիշեցնենք, որ երէկ Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ խոշոր հրդեհ բռնկած էր, որու հետեւանքով փլած էր տաճարի աշտարակը: Դէպքի վայր ժամանած էին Ֆրանսայի նախագահն ու վարչապետը: Հրդեհաշիջման աշխատանքներուն շուրջ 400 հրշէջ մասնակցած է: Հրդեհի հետեւանքով տաճարը մեծապէս տուժած է: Ֆրանսական լրատուամիջոցներու տուեալներով՝ հրդեհը կրնայ կապ ունենալ տաճարին մէջ վերանորոգման աշխատանքներուն հետ:
Աւելի ուշ հաղորդուած էր, որ կրակը մարած է, իսկ շինութիւններու փլուզումը կը շարունակուի:
Դրսից՝