Հալէպահայ մարզիկ Աննա Ասլանեան մաս պիտի կազմէ Սուրիոյ պասքէթպոլի աղջկանց կրտսեր խումբի ազգային հաւաքականին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն:
Մեր աղբիւրին փոխանցմամբ, Սուրիոյ ազգային հաւաքականի պատասխանատու մարմիններուն եւ Պասքէթպոլի միջազգային ֆետերասիոնի միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն որպէս դրական արդիւնք, որոշուած է, որ Աննա Ասլանեան մասնակից դառնայ Սուրիոյ ազգային հաւաքականին:
Կը նշուի նաեւ, որ պարմանուհիին ազգային հաւաքականին անդամակցելու գլխաւոր արգելքը եղած է այն, որ ան նախապէս մաս կազմած է Հայաստանի ազգային հաւաքականին եւ մասնկցած է բազմաթիւ մրցումներու արձանագրելով փայլուն արդիւնքներ:
Սակայն նկատի առնելով անոր ունակութիւնները եւ արհեստավարժ մարզիկ ըլլալու հանգամանքը, Սուրիոյ պատկան մարմինները դիմում գրած են Պասքէթպոլի միջազգային ֆետերասիոնին եւ աւելի ուշ ստացած են այդ մարմնի հաւանութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Աննա Ասլանեան Հալէպի Հ.Ե.Ը.ի «Ուրուպէ» ակումբի անդամ է:
Որպէս Սուրիոյ հաւաքականի անդամ, Աննային առաջին երեւումը պիտի ըլլայ այս ամսուան աւարտին, Հնդկաստանի մէջ տեղի ունենալիք կանանց միջազգային ախոյեանութեան մրցումներուն: