Կիրակի, 14 Յունուար 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լոսաւորչի Մայր Տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, ընթերցուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական Սրբատառ կոնդակը։
Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակին նուիրուած կոնդակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կը նշէ. «Ազատ ու անկախ ապրելու տենչը եւ կամքը, նո՛յնիսկ իմացեալ մահով, հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ամենէն յատկանշական երեւոյթներէն մէկը դարձած է՝ Հայկ Նահապետէն սկսեալ։ Հարուստ է մեր պատմութիւնը բռնակալութեան դէմ հերոսական մարտնչումներով»։ Նորին Սրբութիւնը Հայրապետական կոնդակին մէջ կ՚ընդգծէ, թէ 1918 թուականին կարելի եղաւ երեք յաղթական ճակատամարտեր մղել ու հիմնել Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը, որովհետեւ ազատատենչ հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին թրծուած էր բոլոր ժամանակներու Վարդան Մամիկոնեաններու եւ Ղեւոնդ Երէցներու հաւատքով ու վճռակամութեամբ։ «Ճշդորոշիչ նշանակութիւն ունեցող դարձակէտ մըն է Մայիս 28-ը՝ Կիլիկեան Թագաւորութեան անկումէն յետոյ (1375), օտար ուժերու ենթակայ դարձած հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ», կը շեշտէ Վեհափառ Հայրապետը, մանաւա՛նդ՝ միայն եռամեակ մը առաջ Հայոց ցեղասպանութեան ապրած ժողովուրդի մը համար, կ՚ըսէ ան։
Ինչպէս Հայապահպանման մէջ, նոյնպէս ալ Հայրենակերտման մէջ կեդրոնական դեր ունեցած է Հայ եկեղեցին։ Այս իմաստով կոնդակը կը յիշէ ի մասնաւորի Սարդարապատի ճակատամարտի մասնակից՝ Գարեգին վրդ. Յովսէփեանի (ապա Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ 1943-1952), ու Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Սահակ Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի դերակատարութեան մասին։
Անկախութեան ստեղծման ու անոր յաջորդող աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններուն՝ Հայաստանի Անկախութեան վրայ ձգած ազդեցութեան մասին հակիրճ ակնարկ մը նետելէ ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոս կը յայտնէ, որ օրին, պատմութեան մէկ ճակատագրական պահուն, անկախութիւնը իրենց արիւնով կերտած ղեկավարութիւնը ճիշդ որոշումը առած է «պոլշեւիկեան մուրճի եւ թրքական սալի միջեւ» մնացած հայրենիքը փրկելու առնչութեամբ, ու բնաւ վար չդնելով իր զէնքը, անկախ հայրենիքի եռագոյնը տարած է Սփիւռք՝ հոն շարունակելու Հայաստանի անկախութեան գաղափարական պայքարը։
Արամ Ա. Կաթողիկոս իր կոնդակով կը յայտարարէ. «Մարդկային դարաւոր պատմութիւնը կը վկայէ, թէ վարչակարգերը ժամանակաւոր են, որքան ալ զօրեղ յենարաններ ունենան. յաւերժական են ազգերը՝ իրենց հայրենիքով ու մշակոյթով» ու կը յիշեցնէ, թէ նուազ քան դար մը ետք Հայաստան անգամ մը եւս կ՚անկախանայ։ Նորին Սրբութիւնը Հայրապետական Սրբատառ կոնդակը կ՚եզրափակէ նշելով. «Անկախութիւնը սրբազան արժէք է ու զայն կերտողը ու պաշտպանողը ժողովո՛ւրդն է։ Հետեւաբար, Հայաստանի անկախութիւնը գաղափարական ու քաղաքական մօտեցումներէ ու տար-բերութիւններէ վե՛ր պէտք է մնայ։ Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն ու համաշխարհային տագնապալից պայմաններուն մէջ ստեղծուած Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը համահայկական խորունկ նշանակութիւն ունի։ Այս ենթահողին վրայ հարկ է արժեւորել ու նշել 100-ամեակը այս պատմական դէպքին»։
Կոնդակի աւարտին, Հայրապետը կոչ կ՚ուղղէ զանազան միջոցներով՝ հրապարակային, քարոզչական, կրթական ու մտաւորական ծրագիրներով վառ պահել Հայաստանի առաջին անկախութեան ոգին՝ յանուն հզօր հայրենիքի ու հայրենակեդրոն սփիւռքի։
Նշենք, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառը 2018 թուականը կը հռչակէ Անկախութեան տարի։