image

Պքէրքէի մէջ. Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մասնակից՝ միջ-լիբանանեան կարեւոր ժողովի

Պքէրքէի մէջ. Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մասնակից՝ միջ-լիբանանեան կարեւոր  ժողովի

Օրերս, Պքէրքէի մէջ կայացած է Լիբանանի քրիստոնեայ ու իսլամ հոգեւոր պետերու հաւաք-հանդիպում։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիմատետրի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ այդ առթիւ հրապարակուած լրատւութիւնը.

 

«Փոթորիկի մէջ մնացած Լիբանանեան նաւը անմիջական կարիքը ունի նաւապետի»,- այսպէս արտայայտուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այսօր՝ 25 Յունիս 2024-ին, մարոնիթ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղի Պքէրքէի մէջ կայացած Լիբանանի քրիստոնեայ ու իսլամ հոգեւոր պետերու հաւաքին։

 

Մարոնիթ եկեղեցւոյ պետ Ռայի պատրիարքին հրաւէրով տեղի ունեցած յիշեալ հաւաքի ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին Ռայի պատրիարք, քարտինալ Փարոլին, Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Աուտէ արքեպիսկոպոս. իսկ իսլամներուն կողմէ՝ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Տըրիան, շէյխ Ապի Մունա եւ շէյխ Ալի Քատուր։ Բոլորը շեշտեցին նախագահական շուտափոյթ ընտրութեան կարեւորութիւնը։

 

Վեհափառ Հայրապետը առիթը ունեցաւ քարտինալ Փարոլինի հետ երկար զրոյց ունենալու եւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան գծով իր տեսակէտը պարզելու. Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութեան եւ Արցախի ժողովուրդին միջազգային երաշխաւորութեամբ վերադարձի ու հայ ռազմագերիներու հարցին։

 

Յայտնենք, որ այս հարցերուն շուրջ Նորին Ս. Օծութիւնը անդրադարձած էր Վատիկանի մէջ եւս իր ունեցած հանդիպումներու ընթացքին։