image

Թուրքիան Հայաստանի սահմանին պատ կը կառուցէ

Թուրքիան Հայաստանի սահմանին պատ կը կառուցէ

Թուրքիոյ իշխանութիւնները Սուրիոյ սահմանին անվտանգութեան պատ կառուցելէ ետք, Հայաստանի եւ Իրանի սահմաններուն, նոյնպէս այս ծրագիրը կ’իրականացնեն: Այդ մասին կը գրէ թուրքական «ANFNews» լրատուական գործակալութիւնը: 

Հայաստան- Թուրքիա եւ Թուրքիա-Իրան սահմանին Թուրքիան կը նախատեսէ կառուցուող պատին  հետ միասին ներդնել նաեւ «անվտանգութեան համակարգ», որը շուրջօրեայ վերահսկողութիւն կ’ապահովէ նշեալ սահմաններուն վրայ:

Ըստ աղբիւրին  սահմանները կը պարսպապատուին  ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու նպատակով:

Աղբիւրը կը  յիշեցնէ, որ յունուարին 2017-ին, յայտնի դարձաւ, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան եւ ելեւմուտքի նախարարութիւններու համատեղ նախաձեռնութեամբ հայ-թրքական սահմանը կը պարսպապատուի Արտահան, Կարս եւ Իգդիր քաղաքներու կողմէ:

Որոշ ժամանակ անց, Եւրամիութեան (ԵՄ) եւ Թուրքիոյ համաֆինանսաւորմամբ ականազերծման աշխատանքեր սկսաւ Թուրքիոյ այն տարածքներու մէջ, որոնք սահմանակից են Հայաստանին, Ատրպէյճանին եւ Իրանին: 

Ասոր վերաբերեալ, Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» (CHP-ԺՀԿ) Իսթանպուլի պատգամաւոր Մահմուտ Թանալը հարցում ուղղած էր Պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըքին: Վերջինս  հաստատած էր, որ Թուրքիան կը պատրաստուի  Հայաստանի եւ Իրանի  հետ սահմանին  անվտանգութեան պատ կառուցել: 

Անվտանգութեան պատի կառուցման  մասին որոշ տեղեկութիւններ  յայտնած էր  նաեւ Թուրքիոյ իշխանութիւններու մօտ կանգնած թուրք յայտնի սիւնակագիր Ապտուրքատիր Սելվին: Վերջինս «Hürriyet» պարբերականի համար գրած յօդուածի մէջ նշած էր.

«PKK-ն Թուրքիա-իրան սահմանին ռազմաճամբարներ ունի: Անոնք ներխուժելով Թուրքիա՝ գործողութիւններ կ’ իրականացնեն եւ  ետ կը վերադառնան: Աղրը նահանգի մէջ  ահաբեկիչներու դէմ մեր կողմէն իրականացուած գործողութիւններու ժամանակ,  անոնք  փախան դէպի այդ ռազմաճամբարները: Ի պատասխան՝ Աղրը-Իգդիր սահմանը կը փակենք 70կմ ունեցող պատով»: