Կիրակի օր տեղի ունեցած Սուրբ եւ անմահ պատարագի աւարտին տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան պաշտօն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ արժանաւոր միաբաններէն` Տ. Զարեհ արք. Ազնաւուրեանի հոգիի խաղաղութեան համար:
Պատարագը մատուցած է Տ. Թովմաս քհնյ. Հապէշեան, որ պատարագէն ետք եւ ընկերակցութեամբ խումբ մը հաւատացեալներու ուղղուած է Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր կը գտնուի Տ. Զարհ Սրբազան հօր կիսանդրին:Արարողութեան հանդիսապետած է Տ. Խորէն արք. Տողրամաճեան, որ վերջերս նշանակուեցաւ Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ:
Յիշեցնենք, որ անողոք հիւանդութեան պատճառով Տ. Զարեհ արք. Ազնաւուրեան Ի Տէր հանգած էր 30 ապրիլ 2004 -ին խոր վիշտի մատնելով համայն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին:
Լոյսերու մէջ հանգչող Տ. Զարեհ Սրբազանը կը համարուի մեր ժամանակներուն վրայ իր աներեր հետքը թողած կրօնական եւ ազգային վեհանձն ու նուիրեալ գործիչ մը:
Ինչպէս կ'ըսէ Աւետարանը ՝ «Արդարներուն յիշատակը օրհնութեամբ պիտի ըլլայ»: