ՀԲԸՄ-ի 110-ամեակին առիթով տեղի ունեցող միջոցառումներուն ծիրէն ներս, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ 11 Նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցած է Էվերեսթի գագաթը վերջերս բարձացած ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ական Արա Խաչատուրեանի հետ:Արա Խաչատուրեան սկաուտական մկրտութիւնը ստացած է ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի Ալեք Մանուկեանի շարքերուն մէջ, նախ իբրեւ գայլիկ, ապա՝ սկաուտ:1983-ին հաստատուած է Մարսէյ, Ֆրանսա:
Հանդիպումին ներկայ եղած են ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենադպրուհի տիկին Սիլվա Լիպարիտեան եւ անդամներ, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան եւ անդամներ, միութենականներ, բարեկամներ:
Հանդիպման ցուցադրուած է Էվերեսթը բարձրանալու մանրամասնութիւնները նկարագրող տեսաերիզ մը: Խաչատուրեան կարեւորեւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցած է լեռնագնացութեան ընթացքին պատահած դէպքերու մասին, ապա սպառիչ բացատրութիւններ տուած՝ իրեն ուղուած հարցումներուն:
Նշենք, որ Խաչատուրեանի մօտ Էվերէսթի բարձրունքը յաղթահարելու ծրագիրը յառաջացած է Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի տարին, ի յիշատակ հայ բիւրաւոր նահատակներուն: Սակայն Էվերեսթի շրջանը հարուածող երկրաշարժը եւ անոր յաջորդող փոթորիկը պատճառ դարձած էր, որ ակամայ հրաժարէր ծրագիրէն: Եւ 2016-ին միայն ան իրագործած էր իր ծրագիրը: