image

Թեհրանի եւ Սպահանի թեմակալ առաջնորդները մերժած են հանդիպիլ նախարար Վահան Քերոբեանին հետ

Թեհրանի եւ Սպահանի թեմակալ առաջնորդները մերժած են հանդիպիլ նախարար Վահան Քերոբեանին հետ

Նիկոլ Փաշինեանը ՀՀ Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը 22-26 յունուարը գործուղած էր Իրան: Այցի ընթացքին Քերոբեանը, մասնաւորապէս, հանդիպած է ԻԻՀ Տնտեսութեան, Արդիւնաբերութեան, հանքերու եւ առեւտուրի նախարարներու, Կեդրոնական դրամատան նախագահի հետ եւ այլն: Իրանական գլխաւոր լրատուական գործակալութիւնները, սակայն, ՀՀ նախարարի այցը եւ անոր առնչուող տեղեկութիւնները համարած են երկրորդական, երրորդական կարգի լուրեր:

Ինչպէս կը հաղորդէ 168.am-ը, ՀՀ  նախարար Վահան Քերոբեան տեղի հայ համայնքի եւ ազգային իշխանութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու կողմէ ընդունելութեան չէ արժանացած:

Աղբիւրը նշած է, որ Վահան Քերոբեանի այցի նախօրէին Իրանի մէջ ՀՀ դեսպան Արտաշէս Թումանեանը հանդիպած է Թեհրանի մէջ ազգային իշխանութեան հետ, նաեւ կապ հաստատած է Նոր Ջուղայի մէջ ազգային իշխանութեան հետ, որպէսզի Թեհրանի եւ Սպահանի թեմակալ առաջնորդները, երկու թեմերու ազգային իշխանութիւնները, երեւելի դէմքերը գոնէ սահմանափակ թիւով մէկ հանդիպում ունենան ՀՀ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ, որ կտրուկ մերժուած է:

Փոխանցուած է նաեւ, որ Քերոբեանը կրնայ եկեղեցին եւ վանքը տեսնել, այցելել, բայց անոր եւ պատուիրակութեան հետ պաշտօնական որեւէ հանդիպում չըլլար, որովհետեւ իրենք՝ ազգային իշխանութիւնները, ՀՀ նախարարը կ'ընկալեն՝ որպէս հող յանձնած իշխանութիւններու ներկայացուցիչ, իսկ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայացուցչի հետ հանդիպումը կը բացառուի:

Նախարար Քերոբեան դիմատետրեան իր էջին գրած էր, թէ Թեհրանի «Արարատ» ակումբին մէջ հանդիպած է Իրանի հայ գործարար համայնքի հետ, փորձած է հասկնալ, թէ ինչպէս կարելի է ուժեղացնել տնտեսական կապերն ու ճաշած են միասին։

168.am-ի տեղեկութիւններով, «Արարատ» կազմակերպութեան կեդրոնական վարչութեան անդամներէն ոչ ոք ներկայ եղած է հանդիպման, 30-35 մարդ մասնակցած է՝ հիմնական գործարարներ, որոնց դեսպանութիւնը անձամբ հրաւիրած է, եւ որոնք հանդիպման մասնակցած են զուտ ձեռնարկատիրական հետաքրքրութենէ ելլելով: