Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխխօսնակ Վետանթ Փաթել ճապազրոյցի ժամանակ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղէն ռուս խաղաղապահներու դուրսբերման։
«Մենք չենք մասնակցած եռակողմ համաձայնագրին, որ 2020 թուականին վերջ դրաւ մարտական գործողութիւններուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ապա ռուսական ուժերու տեղակայման՝ տարածաշրջանին մէջ:
Անկեղծ ըսած, մենք չտեսանք որեւէ բան, որ ցոյց կու տայ, որ Ռուսիոյ զինուած ուժերը կը նպաստեն խաղաղութեան եւ կայունութեան Հարաւային Կովկասի մէջ: Անցեալ աշնան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ատոր վառ ապացոյցն են: Այդ նաեւ ցոյց տուաւ, որ Ռուսիան վստահելի դաշնակից կամ գործընկեր չէ»,-ըսած է Փաթելը:
Ան անգամ մը եւս ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգները վճռականօրէն կ՚աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ջանքերուն՝ հասնելու տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան, եւ պատրաստ է շարունակելու աջակցիլ այս գործընթացին։